Նաթանիահուն դատական բարեփոխման մասին օրէնքի ընդունումը յետաձգած է մինչեւ ամառ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն երկուշաբթի յայտարարած է երկրի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած դատական բարեփոխման մասին օրէնքի ընդունումը յետաձգել մինչեւ ամառ։ Ինչպէս հաղորդած է Kan պետական ռատիոն, կառավարութեան ղեկավարն իր որոշման մասին տեղեկացուցած է իշխող դաշինքի գործընկերներուն, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:
Նշուած է, որ Նաթանիահուն եւ երկրի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Կվիրը օրէնքի կասեցումը երէկ համաձայնեցուցած են:
«Հրէական ուժ» կուսակցութենէն ներս, որ կը գլխաւորէ Պեն Կվիրը, յայտնած են, որ դաշինքի խորհրդակցութիւններու աւարտին որոշուած է յետաձգել խորհրդարանէն ներս դատական բարեփոխման հաստատումը մինչեւ ամառային նստաշրջանը։ Մինչ այդ Պեն Կվիրը կտրականապէս դէմ հանդէս կու գար յետաձգման։
Kan–ը նշած է, որ փոխարէնը Նաթանիահուն համաձայնած է ձեւաւորել ուժային նոր կառոյց` Ազգային պահակախումբ, որ պիտի փոխանցուի Պեն Կվիրի գլխաւորած ազգային անվտանգութեան նախարարութեան վերահսկողութեան։
Մէկ այլ տեղեկութեան համաձայն՝ Իսրայէլի վարչապետն առաջարկած է չեղարկել պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթի պաշտօնանկութիւնը՝ պայմանով, որ ան կը հրաժարի Քնեսեթի մէջ իր մանթատէն: Պետական հեռուստառատիոհեռարձակման ալիքը յայտնած է, որ Լալանթը կտրականապէս հրաժարած է առաջարկէն: