Ներկայացուցիչներու պալատի 69 անդամ կոչ ըրած է դադրեցնելու Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի 69 անդամ՝ երկու կուսակցութիւններէն, հանդէս եկած են Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու եւ Արցախին ու Հայաստանին 150 միլիոն տոլարի օգնութիւն ուղարկելու կոչով: Այս մասին յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը։
Նախաձեռնութիւնը կը ղեկավարէ Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոնը:
Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները նամակ յղած են Պետական արտաքին գործառնութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիօ Տիաս Պալարթին եւ ենթաէանձնաժողովի բարձրաստիճան անդամ Պարպարա Լիին, որոնք արդէն սկսած են 2024 ֆինանսական տարուան արտաքին օգնութեան մասին օրինագիծի՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի տարբերակի մշակումը:
«Միացեալ Նահանգներու շարունակական ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին կը ներկայանայ որպէս «անցաթուղթ» ատրպէյճանական յարձակման համար, կանաչ լոյս ատրպէյճանական յարձակման համար: Այն պէտք է դադրեր նախագահ Պայտընի պաշտօնավարութեան առաջին օրը. ան պաշտօնը ստանձնեց՝ որպէս Ալիեւը զինելու եւ Ալիեւին օգնելու սուր քննադատ: Բայց եթէ մեր նախագահը չընէ այն, ինչը ճիշդ է, ապա Քոնկրեսը պէտք է գործէ», – եսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համփարեանը։