Ուաշինկթընը Անգարային կոչ կ'ընէ հրաժարելու Ռուսաստանէն զէնքի հետագայ գնումներէն

2021-04-29
Image

Ուաշինկթըն Անգարային եւ ԱՄՆ-ի բոլոր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կոչ կ'ընէ հրաժարելու Ռուսաստանէն զէնքի եւ ռազմական սարքաւորումներու հետագայ գնումներէն: Այս մասին լրագրողներու հետ առցանց հանդիպման ժամանակ ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 զենիթահրթիռային համակարգերու (SAM) գնման հետ կապուած իրավիճակը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Ան յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ն ու Թուրքիան կը կարողանան դրական առաջընթաց արձանագրել այս հարցով: «Այնուամենայնիւ, ապագայի համար շատ կարեւոր է, որ Թուրքիան եւ, ԱՄՆ-ի բոլոր դաշնակիցներն ու գործընկերները խուսափին ռուսական զէնքի հետագայ ձեռքբերումներէն, ներառեալ լրացուցիչ С-400 համակարգերու, որ Ռուսաստանին կ'ապահովէ եկամուտներ, հասանելիութիւն եւ ազդեցութիւն: Կրկին՝ Ռուսաստանի պաշտպանական կազմակերպութիւններու հետ որեւէ նշանակալի գործարք կրնայ ենթակայ ըլլալ օրէնքին՝ CAATSA-ին, ի լրումն արդէն կիրառուած պատժամիջոցներուն»,- ըսած է ան:

Պլինքընի համաձայն՝ Թուրքիոյ կողմէ С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ գնելը ուղղակիօրէն կը հակասէ 2016-ին Վարշավայի մէջ կայացած գագաթաժողովին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ստանձնած պարտաւորութիւններուն: «Այն ժամանակ մասնակիցները պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էին կրճատել, այլ ոչ թէ ընդլայնել կախուածութիւնը ռուսական սարքաւորումներէն»,- յիշեցուցած է պետական քարտուղարը: «С-400-ի ձեռքբերումը սպառնալիքի տակ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներու ռազմական արհեստագիտութիւնները, կը խարխլէ ՆԱԹՕ-ի ամբողջականութիւնը,  դաշինքին մէջ փոխգործունակութիւնը, որ կարեւոր է արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ որեւէ հնարաւոր մարտահրաւէրներուն արձագանգելու համար: Այն նաեւ զգալի նիւթական միջոցներ կը տրամադրէ Ռուսաստանի պաշտպանական հատուածին, Ռուսաստանին կը տրամադրէ հասանելիութիւն Թուրքիոյ զինուած ուժերուն, թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան»։