Ուաշինկթըն կը հաստատէ իր աջակցութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութեան. Պայտըն

2023-03-28
Image

Ուաշինկթըն հանդէս կու գայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան օգտին, կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Նովրուզի տօնին առիթով Ատրպէյճանի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւին ուղղուած ուղերձին մէջ:

Այս մասին կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը:

«Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան, որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի ապագայ սերունդներու ապահովութեան ու բարգաւաճման», կը նշուի նախագահ Պայտընի ուղերձին մէջ: