Պաքու մտադիր է Հայագիտական կեդրոն հիմնել

2019-08-06
Image

Պաքուի Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական կեդրոնի կառավարման խորհուրդի նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ կեդրոնին մէջ նախատեսուած է հայագիտական հետազօտութիւններու բաժին բանալ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Մենք պէտք է համակողմանիօրէն ուսումնասիրենք Հայաստանի տնտեսութիւնը, պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ անոր վարած պետական քաղաքականութիւնը: Մենք նաեւ մտադիր ենք կեդրոնէն ներս հայոց լեզուի դասընթացքներ կատարել: Ատրպէյճանին մէջ քիչ են հայերէնին տիրապետող մասնագէտները»,- յայտնած է ան:

Շաֆիեւ նաեւ դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած շարք մը ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, նպատակ ունենալով հակամարտութեան իրողութիւնը համաշխարհային հանրութեան ու միջազգային փորձագէտներուն ներկայացնել եւ անոնց հետ համագործակցութիւն հաստատել: