Ռուսաստանը կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու կրակը ԼՂ հակամարտութեան գօտիին

2020-09-27
Image

Ռուսաստանը կոչ կ'ընէ  անյապաղ դադրեցնելու կրակը ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՌԴ ԱԳՆ-ն:

«Ըստ առկայ տեղեկատւութեան, իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ կտրուկ սրած է: Երկու կողմէն ալ շփման գիծի երկայնքով կ'ընթանայ աշխոյժ կրակոցներ: Կը ստանանք կորուստներու մասին հաղորդագրութիւններ: Կողմերուն կոչ կ'ընենք անյապաղ դադրեցնելու կրակը եւ բանակցութիւններ սկսելու իրավիճակը կայունացնելու համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: