Սիրիոյ իշխանութիւններու կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը կազմած է 1414

Սիրիոյ մէջ կառավարութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերու թիւը կազմած է 1414։ Տուժած է 2357 մարդ։ Այս մասին յայտնած է SANA գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Հասան Մուհամմատ ալ Կապաշին։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երկրաշարժի զոհերու ընդհանուր թիւը, այդ շարքին՝ չվերահսկուող տարածքներու մէջ, գնահատած է 8500։ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ստեֆան Տիւժարիքը երկրաշարժէն ետք Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը աղէտալի անուանած է։ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը հնարաւոր համարած է երկրաշարժէն ետք երկրին մէջ համաճարակի բռնկումը։
Յիշեցնենք, որ 6 Փետրուարի գիշերը 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան հատուածին եւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերու թիւը անցած է 35 000-ը: