Սպիտակ տունը նշած է Պայտընի վարչակազմի առաջնահերթութիւնները

2021-01-21
Image

20 Յունուարին տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ, Միացեալ Նահանգներու 46րդ նախագահը դարձաւ Ճօ Պայտըն:

ԱՄՆ 46-րդ նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան պայքարը «Քորոնա» ժահրի դէմ, կլիման, ցեղային անարդարութիւնը, տնտեսութիւնը, առողջապահութիւնը, ներգաղթը եւ ԱՄՆ դիրքերու վերականգնումն աշխարհի մէջ: Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Նախագահ Պայտըն պիտի զբաղի աշխոյժ գործերով եւ ամերիկեան ընտանիքներուն տրամադրուելիք անյապաղ օգնութեամբ այն ժամանակահատուածին, երբ երկիրը միաժամանակ կը պայքարի մի քանի ճգնաժամերու դէմ: Այն կը ներառէ «Քովիտ-19»-ի համավարակի դէմ պայքարին ուղղուած գործողութիւնները, պայքարը կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ եւ ցեղային արդարութեան առաջխաղացումը, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ ԱՄՆ դիրքերու վերականգնումը», -ըսուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

ԱՄՆ-ի դիրքերը աշխարհի մէջ ամրապնդելու համար Պայտըն մտադիր է «ամրապնդել ազգային անվտանգութիւնը, վերականգնել ժողովրդավարական միութիւնները աշխարհով մէկ»: