Վլատիմիր Փութինի նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը

2020-12-02
Image

2 Դեկտեմբերին Վլատիմիր Փութինի նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը՝ տեսակապի ձեւաչափով։ Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Կը նախատեսուի կազմակերպութեան շրջագիծէն ներս քննարկել դաշնակցային փոխգործակցութեան, ՀԱՊԿ արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան արդիական հարցերու շուրջ:

Նիստի հիմնական որոշումները պիտի գրանցուին ամփոփիչ յայտարարագրին մէջ եւ շարք մը այլ փաստաթուղթերու մէջ: