Տանֆրիտ մտահոգութիւն յայտնեց տարածաշրջանին մէջ վերջին լարուածութեան կապակցութեամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Քերըն Տանֆրիտ 27 մարտին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկած է տարածաշրջանին իրավիճակը եւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Տանֆրիտ ընդգծած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ զարգացման համար եւ մտահոգութիւն յայտնած տարածաշրջանի վերջերս սրած իրավիճակին գծով եւ կոչ ուղղած է՝ բոլոր հարցերը լուծելու բանակցութիւններու միջոցով: Նշուած է, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին:
Պայրամով Տանֆրիտը տեղեկացուցած է տարածաշրջանի իրավիճակին մասին՝ շեշտելով, որ իբր թէ Հայաստան կը դիմէ «ոչ-կառուցողական մօտեցումներու», որոնք կը խոչընդոտեն խաղաղ համաձայնագիրի բանակցութիւնները: Ըստ անոր՝ «Ատրպէյճան պատրաստ է որեւէ պահու բանակցութիւններու սկսելու խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ»: