Փարիզը պիտի ներդնէ բոլոր ջանքերը ԼՂ խնդրի վերաբերեալ քաղաքական լուծման հասնելու համար. Ֆրանսայի ԱԳ նախարար

2020-07-29
Image

Փարիզը պիտի ներդնէ բոլոր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի վերաբերեալ քաղաքական լուծման հասնելու համար: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանը երկրի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ, կը հաղորդէ «Սփութնիք-Արմենիան»:

Նախարարը նշած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող դէպքերը մտահոգիչ են, առաւել եւս, որ բախումները եղած են ոչ թէ Ղարաբաղի, այլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին:

«Ռազմական լուծում չի կրնար ըլլալ: Պէտք է գտնել քաղաքական լուծում, եւ ես յոյս ունեմ, որ այն կարելի կ'ըլլայ գտնել»,-ըսած է նախարարը:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ֆրանսան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի եռանախագահութեան մէջ է, որ կը զբաղի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ: