Փեսքով կը յորդորէ Թուրքիան Ղարաբաղի հարցով «կրակին իւղ չլեցնել»

2020-09-29
Image

Քրեմլին վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի համար հակամարտող Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին հնարաւոր ռազմական աջակցութեան մասին յայտարարութիւնները միայն իւղ կը լեցնեն կրակին, եւ կողմերուն պէտք է համոզել վերադառնալ կարգաւորման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցին: Երեքշաբթի լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով, կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

«Քրեմլինի մէջ, առաջին հերթին, կը մեկնին շուտափոյթ հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութենէն: Որեւէ ռազմական աջակցութեան կամ ռազմական գործունէութեան մասին  յայտարարութիւն միանշանակ իւղ կը լեցնէ կրակին: Մենք կտրականապէս դէմ ենք ատոր եւ համաձայն չենք հարցի նման ձեւակերպման հետ»,- ընդգծած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:

«Մենք կոչ կ՛ընենք բոլոր երկիրներուն, յատկապէս մեր գործընկերներուն, ինչպիսին է Թուրքիան, ամէն ինչ ընել, որպէսզի հակառակորդ կողմերը համոզեն դադրեցնելու կրակը եւ վերադառնալու այս երկարատեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով»,- ըսած է Փեսքով: