Փութինը մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային պատկանելութեան հարցը

2020-11-23
Image

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Ռոսիա 1» հեռուստաալիքի եթերին մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային պատկանելիութեան հարցը, կը փոխանցէ ՌԻԱ «Նովոստին»։

«Հայաստանը չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Այդ կը նշանակէ, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղը, ե՛ւ անոր յարող բոլոր շրջանները եղած են եւ կը հանդիսանան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքի անբաժանելի մասը»,- ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։

Ան ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ին անդամակցութեան պայմանները Ռուսաստանին չեն պարտաւորած ներքաշուիլ հակամարտութեան մէջ։

«ՀԱՊԿ-ի պայմանագիրը կը նախատեսէ փոխադարձ օգնութիւն այդ պայմանագրի մասնակից երկրի տարածքի նկատմամբ յարձակման պարագային։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի վրայ ոչ ոք յարձակած է, եւ այդ մեզի ոչ մէկ իրաւունք կու տար ուղղակի մասնակցելու մարտական գործողութիւններուն», – պարզաբանած է  ՌԴ նախագահը։

Ընդ որում, Երեւանի հետ ռազմական սարքերու համագործակցութեան շրջանակներէն ներս Մոսկուան լիովին կատարած է պարտաւորութիւնները, աւելցուցած է ան:

«Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ Հայաստանը իրեն լքուած, մոռցուած չէ զգացած։ Եւ Ռուսաստանն ամէն ինչ ըրած է, որ այդպէս չըլլայ»,- ըսած է ան։