Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ

2023-02-15
Image

Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը: Այս մասին ըսուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

«Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը:Կարեւոր նկատուած են հետեւողական քայլերը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ: Այս պարունակին մէջ, վերահաստատուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բարձր մակարդակի համապատասխան համաձայնութիւններու ամբողջ համալիրի անվերապահ իրականացման տրամադրուածութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Փութին ու Ալիեւ քննարկած են նաեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարները` ներառեալ ելեկտրականութեան եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու շփումները տարբեր ձեւաչափերով։