Երաժիշտներն Արցախի համար․ խաղաղութեան համերգ՝ Սերժ Թանքեանի եւ Տիգրան Համասեանի մասնակցութեամբ

2020-10-22
Image

Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ աշխարհահռչակ երաժիշտներ Սերժ Թանքեանը եւ Տիգրան Համասեանը հայ եւ օտարազգի տասնեակ արուեստագէտներու հետ 28 հոկտեմբերին՝ հայաստանեան ժամանակով 22:00-ին, հանդէս պիտի գան առցանց համերգային նախագիծով:

Այս ընթացքին կատարուած նուիրատւութիւնները պիտի կրկնապատկուին OneArmenia նախաձեռնութեան կողմէ եւ պիտի ուղարկուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ: Ձեր նուիրատւութիւնը կրնաք կատարել հիմա։

Համերգը պիտի հեռարձակուի ONEArmenia նախաձեռնութեան ֆեյսպուքեան, եութուպեան եւ ինսթակրամեան ալիքներով: