Մաշա Մնջոյեանը «Աւստրալիայի ձայնը» նախագիծին կատարած է Հիւսթընի գործերէն մէկը եւ անցած յաջորդ փուլ

2020-07-06
Image

«Հայաստանի ձայնը» մրցոյթի յաղթող Մաշա Մնջոյեանը, որ այժմ կը մասնակցի «Աւստրալիայի ձայնը» նախագիծին, յաղթանակ տարած է մրցոյթի «PlayOff» փուլին:

Մնջոյեանը կատարած է Ուիթնի Հիւսթընի «I Have Nothing» երգը: Մաշան այն սկսած է հայերէնով՝ զարմացնելով բազմաթիւ ունկնդիրները:

Նոյն երգը կատարած է մրցոյթի մասնակիցներէն Էլայզան, սակայն մարզիչը՝ Պոյ Ճորճ, նախապատւութիւնը տուած է Մաշային՝ անոր հնարաւորութիւն ընձեռելով հանդէս գալ մրցոյթի յաջորդ փուլին:

Մաշա Մնջոյեանը «Ֆեյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջին գրած է, որ հրաշալի էր մայրենի լեզուով երգել բազմամշակութային երկրի՝ Աւստրալիոյ մէջ: Ան ընդգծած է, որ իր համար անմոռանալի փորձ էր հանրայայտ ստեղծագործութիւնը ներկայացնել Էլայզայի հետ: Մնջոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Պոյ Ճորճին իրեն սատարելու համար:

Մրցոյթի նախորդ փուլերուն Մաշան փայլուն կատարած է Սելին Տիոնի «All By Myself» եւ Արեթա Ֆրանքլինի «Respect» ստեղծագործութիւնները: