Ասատուր Տէվլեթեան. «Սփիւռքը պիտի ապրի, սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է»
Կիպրահայ մտաւորական, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Ասատուր Տէվլեթեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Յարգելի Պրն. Տեւլեթեան, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր սփիւռքի մէջ ապրող հասարակութեան զանազան խաւեր սկսան խօսիլ այն մասին, թէ բփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը իր դերով ու ներկայութեամբ սկսած է դառնալ ոչ այնքան կարեւոր: Անշուշտ այս մօտեցումին դիմաց եղան նաեւ մարդիկ, մտաւորականներ, որոնք հաստատեցին ու ջատագովեցին բփիւռքի դերն ու կարեւորութիւնը։ Բարեբախտաբար, դուք անոնցմէ մին էք: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք, կամ ինչպէ՞ս կը բացատրէք սփիւռքին տրուած եւ ունենալիք դերին հանդէպ ձեր ունեցած վստահութիւնն ու շեշտադրումը:
Պիտի ըսեմ, որ մետաղեայ դրամը երկու երես ունի. առաջին երեսը հայրենաբաղձութիւնն է, մինչեւ իսկ հայրենադարձի ձգտումը եւ ասիկա շատ դրական երեւոյթ է, բոլորիս սրտին կը խօսի: Սակայն ճշմարտութիւն է նաեւ, որ արտերկրի մէջ ապրող շուրջ եօթ միլիոն հայեր Հայաստան պիտի չվերադառնան։ Ի վերջոյ այս երկիրը ի վիճակի չէ տասը միլիոն բնակիչ պահելու, որովհետեւ պայմանները չկան, տարածքն ալ չկայ, ինքնաբաւ չի կրնար ըլլալ եւ հաւանաբար միւս կողմէ ալ դիտուած՝ տասը միլիոն մարդ ցանկութիւն չունենայ գալու: Իսկ գալով սփիւռքի՝ պարզ է, որ այնտեղ խառն ամուսնութիւններ կան, մարդիկ կան, որոնք հաստատուած են, խարսխուած են եւ դժուար է արմատախիլ ըլլալը: Այլ բան է փափաքիլ, բոլորովին այլ բան է իրագործել: Ես, օրինակի համար, շատ սիրով պիտի ուզէի Հայաստանի մէջ ապրիլ, բայց չեմ գիտեր, թէ նոյն բանը պիտի ըսեն զաւակներս կամ թոռներս...
Յամենայնդէպս, սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ, միւս կողմէ սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է, որովհետեւ թէկուզ չնչին չափով, բոլոր բնագաւառներու մէջ՝ նիւթական, բարոյական, քաղաքական, տնտեսական, եթէ կրնայ օժանդակել Հայաստանին, օգուտ մըն է այդ եւ այդ օգուտէն զրկուիլը լուրջ տագնապ կրնայ ստեղծել։ Հետեւաբար, անկախ մեր կամքէն, որոշ թիւով հայեր պիտի շարունակեն ապրիլ Հայաստանէն դուրս եւ կը գիտակցինք, որ անոնց հոն ըլլալը եւ անոնց կենսունակ ըլլալը Հայաստանին համար շահեկան է: Պէտք է կենսունակ պահենք սփիւռքը, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ ընդդիմադիր ենք կամ որեւէ ձեւով դէմ ենք Հայաստան ներգաղթելու գաղափարին: Սփիւռքը կենսունակ պահել կը նշանակէ ամէն գնով, կը շեշտեմ, ամէն գնով կենդանի պահել մեր վարժարանները, որովհետեւ դժուար է երեւակայել ազգապահպանում առանց վարժարաններու:
-Ձեր տեսանկիւնէն սփիւռքի մէջ վարժարաններու գոյութի՞ւնն է հայապահպանութեան հիմքը:
Միայն վարժարաններով չէ, որ հայապահպանում կ՚ըլլայ անշուշտ, բայց միւս գործօնները գրեթէ չունինք, սկսած են նուազիլ: Ակումբային վիճակը շատ քիչ տեղեր իր նպատակին կը ծառայէ: Մինչդեռ նախկին շրջաններուն սերունդներ լայն դաստիարակութիւն կը ստանային ակումբներէն ներս:
-Ի՞նչն է պատճառը, որ կարեւոր շերտ մը օտարացած է ակումբներուն. օրինակ՝ Կիպրոսի մէջ ալ կա՞յ այդ երեւոյթը:
Այո՛, Կիպրոսի մէջ իսկ կայ, բայց հաւանաբար անոր համար քանի մը պատճառներ կան. նախ՝ ժամանակները փոխուած են եւ մենք չենք կրցած քայլ պահել այն բաներուն հետ, որոնք հետաքրքրութիւն կրնան արթնցնել նոր սերունդին մօտ, որովհետեւ եթէ այսպէս ըսած «քաշողականութիւն» ունեցող միջոցներ կը պակսին իրենց, ապա նոր սերունդի անդամներ կը դժկամակին գալու եւ կը նախընտրեն ուրիշ տեղ երթալ:
-Արդեօք հայկական ակումբները այսօրուան պայմանները չեն լրաց-նե՞ր։ Այդ է իրական պատճառը, որ մեր երիտասարդութիւնը ձեւով մը խորշի հայկական ակումբներէն ու առհասարակ հայկական միջվայրէն։
Մեր ակումբները մեծամասնութեամբ չունին ձեր ըսած արդիական միջոցները։ Իսկ ինչ որ ունի քիչ են ու անբաւարար։ Միւս կողմէ, խառն ամուսնութիւնները, անկախ մեզմէ բազմացած են, պէտք է ըսել մտահոգիչ թափով: Խառն ամուսնութիւններու ծնունդ եղող երեխաները յատուկ դատիարակութեան մը կը կարօտին, հոն պէտք չէ խրտչեցնել երկրորդ ծնողին պատկանելիութիւնը, պէտք չէ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, որ մէկ պատկանելիութիւնը միւսէն գերակայ է, այդ բարոյական իրաւունքը ոչ ոք ունի։ Պարզապէս պէտք է աշխատինք առաւելագոյն չափով հպարտութիւն ներշնչել իր մէկ պատկանելիութեան համար, որպէսզի այդ պատանին ինք եւս ուզէ իր պատկանելիութեան հետ առընչուիլ, առանց երբեք հակադրուելու միւսին:
-Պրն. Տեւլեթեան, խօսեցանք դպրոցական միջավայրի եւ ակումբներու մասին ու երբ սփիւռք կ՚ըսենք, մեր միտքին մէջ կ՚ուրուագծուի հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւններու իրականութիւնը: Այսօր գիտենք, որ այդ երեք կուսակցութիւններն ալ ունին խոցելի կէտեր, ունին տագնապներ, որոնց մասին յաճախ մենք չենք ուզեր խօսիլ, բայց յստակ է, որ երեք կուսակցութիւններէն երեքն ալ տագնապներու մէջ է. ի՞նչ է պատճառը այս տագնապին։ Յստակ է նաեւ, որ այսօր առկայ տագնապները ուռճացան Հայաստանի անկախութենէն ասդին։
Հայաստանի անկախացումը որքան որ ալ անհամեմատ ուրախութիւն պատ-ճառեց բոլորին, նոյնպէս եկաւ հաստատելու, թէ հայկական աւանդական կուսակցութիւնները պատրաստ չէին այդ նուաճումին։ Թերեւս մեր կուսակցութիւնները ձեւով մը աճապարեցին հայրենադարձուելու իրենց ձգտումին մէջ: Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը ունի բաւարար չափով քաղաքական հոսանքներ եւ իրականութեան մէջ այն գաղափարաբանութիւնը, որ 100-120 տարի առաջ արեւմտահայութիւնը ի մի բերած էր մէկ նպատակի շուրջ, մէկ ձգտումի շուրջ, մէկ երազի շուրջ։ Այս մէկը քիչ մը խոտոր է Հայաստանի ժողովուրդի հոգեբանութեան, իրենք մահ կամ ազատութեան գաղափարը այդքան ալ դիւրութեամբ պիտի չընկալեն եւ իմ համեստ կարծիքս ան է, որ աւանդական կուսակցութիւնները առաւելագոյն չափով պէտք է մնան սփիւռքեան կուսակցութիւններ: Երբեմն հարց կը յառաջանայ, թէ սփիւռքի մէջ ի՞նչ կայ ընելիք, հիմա երբ արդէն Հայաստանը անկախացաւ, փակենք ամէն ինչ եւ գանք Հայաստան... Սփիւռքի մէջ երկու բան կայ ընելիք. առաջինը՝ ազգապահպանումն է եւ քաղաքական կուսակցութիւնները կարեւոր դեր ունին այս սրբազան գործին մէջ: Ես կը կարծեմ, որ ազգապահպանումի հերոսական իրագործումն ալ նախորդ հարիւր տարուան ընթացքին որոշ չափով պարտական է քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեան, ճիգերուն, ծրագրումներուն, երբեմն միջամտութիւններուն: Բացի ազգապահպանումէն՝ կայ գերագոյն նպատակ՝ մեզի ծանօթ կամ թերեւս ալ անծանօթ պատճառներով Հայաստանի իշխանութիւնները ի վիճակի չեն եւ առաջնահերթութեան կարգով պէտք ալ չէ, որ զբաղին պահանջատիրութեան խնդիրով։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այդ մէկը հրատապ խնդիր է հայութեան համար, որովհետեւ արժանապատուութեան հարց է:
-Տեղ մը հակապետական մօտեցում չէ՞ մեծ եղեռնը ճանչնալու, ամէն ինչը անոր ճանաչումին որպէս ներուժ օգտագործելու եւ պետական բոլոր միջոցները այդ ուղղութեամբ ուղղորդելու Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտեցումը։ Ի հարկէ, չեմ ըսեր, որ պէտք է մոռնանք եւ մէկդի դնենք ամէն ինչ, բայց եւ այնպէս, կայ տեսակէտ, որ ընտրուած գործելաոճերուն մէջ հաւասարակշռութեան յստակ խախտում մը կայ։ Ի՞նչ կ՚ըսէիք այս առումով։
Յստակ պատասխան մը չունիմ ձեր բարձրացուցած խնդրին։ Բայց եւ այնպէս, այս հարցերը քննելու համար պէտք է հաշուի առնել կարգ մը կարեւոր իրողութիւններ։
-Զանազան առիթներով Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք եղան այն ուժը, որ մեծ եղեռնը քաղաքական միաւորի վերածեցին։ Արդեօք երբեւիցէ զգացի՞ք, որ այդ բոլորը Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ընէին միայն ներքին սպառման համար:
Երբեմն այդ տպաւորութիւնը կ՚ունենանք ակամայ եւ թերեւս ճիշդ չենք դատեր, բայց այս մէկը կ՚արտօնէ, որ հետեւեալ մէջբերումը ընեմ. ցեղասպանութիւնը որպէս օրէնքի բանաձեւ չէ քուէարկուած Հայաստանի խորհրդարանին մէջ: 1988-ին Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը բանաձեւում մը որդեգրած է այդ մասին եւ առաւելագոյն ակնարկութիւնը, որ եղած է անկէ վերջ, այդ բանաձեւումը չէ ժխտուած, նոյնիսկ հարիւրամեակի առիթով, որ շատ պատեհ առիթ էր։ Հիմա որպէս առարկութիւն կ՚ըսեմ. բան մը, որ պատահած է ինչպէս կրնայ ճանչցուիլ, բայց մեր ազգային ժողովը ոչ մէկ բանաձեւում ըրած է 21 սեպտեմբեր 1991-էն մինչ օրս: Եւ մենք կ՚ակնկալենք, որ Պելժիոյ կամ Շուէտի եւ կամ այլ խորհրդարանները այս մասին կեցուածք որդեգրեն, իսկ մեր խորհրդարա՞նը. կեցուածք չունի: Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանն ալ կեցուածք չունի: Ինծի համար այս բոլորը անհանդուրժելի հանելուկ է, բայց կապելով քիչ առաջուան միտքին հետ՝ արդեօք արտաքին ճակատի վրայ զգուշաւորութիւն մը կա՞յ...
-Ձեր կարծիքով՝ այսօր ո՞ւր կը գտնուի հատուցման թղթածրարը: Գիտենք, որ այդ առումով առաջինը խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, երբ Սիսի կաթողիկոսութեան հարցը սեղան բերաւ։ Հակառակ անոր, որ այդ դատը չընդունուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, այս անգամ Արամ Ա. Կաթողիկոս հարցը տարաւ Եւրոպական Մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։ Թղթածրարը հոն ալ չընդունուեցաւ, հիմա կը խօսուի եւ վերջին յայտարարութիւնը ան էր, որ կաթողիկոսութիւնը դատական հայցը պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ տեղական դատարաններուն առջեւ։
Այս իրականութեան արժէքը եւ կարեւորութիւնը այն է, որ առնուազն այդ մասին սկսած են խօսիլ, նոյնիսկ երբ հայցերը կը մերժուին երեւոյթը դրական է: Իրականութեան մէջ ամբողջական թղթածրար մը պէտք է պատրաստուի հատուցման համար: Մենք կորսնցուցած ենք ինչք, կորսնցուցած ենք սեփական կալուած, կորսնցուցած ենք հարստութիւն, կորսնցուցած ենք համայնքային հարստութիւն՝ եկեղեցիներ, եկեղեցապատկան հողեր, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, կորսնցուցած ենք մարդ, կորսնցուցած ենք նաեւ այս բոլորը օգտագործելու իրաւունքը, զրկուած ենք մեր սեփականութիւնը գործածելու իրաւունքէն, այս բոլորը հատուցման եզրեր են, բայց կորսնցուցած ենք նաեւ հայրենիք, բնօրրան։ Ճիշդ է, որ այդ հողերուն վրայ մենք չենք ունեցած պետականութիւն, բայց ունեցած ենք բնակելու իրաւունք, որովհետեւ հարիւրամեակներ հոն բնակած ենք եւ որքան ալ որ ոչնչացուցած են մեր հետքերը ուրիշ հնարաւորութիւններ կան ապացուցելու՝ պատմական փաստեր, օտար ճամբորդներ, պատմագիրներ այդ մասին արձանագրութիւններ ունին: Հետեւաբար նոյնիսկ եթէ պետականութիւն չենք ունեցած, յամենայնդէպս, այդ հողերուն վրայ մեր քրտինքը թափած է, այդ հողերուն վրայ մենք տասնեակ սերունդներով շարունակաբար ապրած ենք եւ պարտադրաբար այդ իրաւունքէն զրկուած ենք:
-Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները խօսեցան կարեւոր հարցի մը մասին, որն է ստեղծել սփիւռքը ներկայացնող խորհրդարան: Այդ մէկը որքանո՞վ իրապաշտ է եւ արդեօք այսօրուան իշխանութիւնները պէ՞տք է այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու անցնին:
Այդ առաջարկը ականջին շատ հաճելի կը հնչէ: Իրականութեան մէջ սակայն շատ «խիստ» հարց է եւ համոզուած չեմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, թող ներուի ինծի ըսել, այդ լրջութեամբ եւ այդ բծախնդրութեամբ կը մօտենան հարցին: Ըսեմ, թէ ինչո՞ւ այդպէս կը մտածեմ. Հայաստանի մէջ կայ արեւմտահայերէնի մէկ դասաւանդութիւն, որ Համազգայինի ճիգերով կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է, որուն կը հետեւին երկու կամ երեք տղաք կամ աղջիկներ ամբողջ տարին, ընդ որում բոլորն ալ արեւմտահայ են... Այս կը նշանակէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը բոլորովին անհաղորդ կը մնայ արեւմտահայերէնին: Մենք Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ ունինք քրտական բաժին, բայց արեւմտահայերէնի ոչ մէկ դասաւանդում: Թրքական բաժնի մասին պիտի չխօսիմ նոյ-նիսկ, սակայն քրտական բաժին ունենալ, բայց արեւմտահայերէնի բաժին չունենալը անընդունելի է։ Չեմ ըսեր, որ այդ թերացումը դպրոցական մակարդակով ալ կայ։ Իսկ նախկին Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն անունն ալ սխալ էր, չէր կրնար Սփիւռքի նախարարութիւն ըլլալ հայաստանցիներէ բաղկացած: Կրնար Սփիւռքի հետ կապերու նախարարութիւն ըլլալ, նոյնիսկ Սփիւռքի հետ կապերու յանձնաժողով, լեզուականօրէն ալ, տրամաբանականօրէն ալ սխալ էր: Երկրորդ՝ յարգելով հանդերձ այն բոլոր դրական իրագործումները, որոնք եղած են, որոնց ծանօթ եմ կամ ծանօթ չեմ, շօշափելի ոչինչ եղած է սփիւռքի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները առաւելագոյն չափով արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Սփիւռքի նախարարութիւնը ոչ մէկ առընչութիւն ունէր սփիւռքահայ վարժարաններուն հետ, անոնց կարիքներուն հետ, ոչ ալ գիտէր, թէ ինչ խնդիր ունի սփիւռքը։ Սփիւռքի նախարարութիւնը պատահական անձերու շքանշաններ տալով կը գոհանար, կը զարմանաս...։
-Մենք բաւական խօսեցանք սփիւռքի հարցերուն մասին եւ այսօրուան իրականութեան մասին: Դուք ինչպէ՞ս կը դիտէք Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը, Հայաստանի այս նոր «ինքնութիւն»ը:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը խոշոր պարիսպ մը քանդեց, յուսահատութեան պարիսպը, որ իրապէս կրնար շատ լուրջ կերպով պատուհասել մեր ազգը, հետեւաբար, եթէ այդ յուսահատութեան պատը չփլուզուէր, Հայաստանին շատ ահաւոր վիճակ մը կը սպառնար։ Իսկ հիմա այդ պատը փշրուեցաւ կամ եթէ ամբողջութեամբ չփշրուեցաւ ալ՝ մեծ հարուած մը ստացաւ եւ կայ այն լաւատեսութիւնը, թէ ամբողջութեամբ փլչի: Ես լաւատես եմ այն առումով, որ եղածը խոշոր քայլ մըն է դէպի առաջ, բայց շատ պախարակելի միամտութիւն պիտի ըլլար խորհիլը, թէ երբ այս գիշեր քնանանք եւ առաւօտ արթննանք՝ ամէն ինչ դէպի լաւը փոխուած պիտի ըլլայ: Մեծ համբերութիւն պէտք է, գիտակցուած զոհաբերութեան անհրաժեշտութիւն կայ եւ յուսալու գրաւականին վրայ պէտք է դնենք մեր ամէն ինչը: Անգլերէնով կայ ասացուածք մը, որ կ՚ըսէ՝ երբ յոյսը կ՚անհետանայ, սիրտը կը կոտրի: Հիմա յոյսը վերականգնուեցաւ մեր սրտերուն մէջ եւ կը կարծեմ, որ իշխանութիւններէն սկսեալ, մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է շատ լրջախոհ կերպով ամէն ինչ ընել, որպէսզի այս յոյսը արդիւնաւորուի:
-Դուք երկար տարիներ պատասխանատու պաշտօնններ զբաղեցուցած էք, մանաւանդ, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան մէջ: Այսօր ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այս փառաւոր կուսակցութիւնը:
Դժբախտաբար, ո՛չ շատ պայծառ եւ ոչ շատ գոհացուցիչ, սակայն կրնայ ինքզինք բարեկարգել, ինքզինք վերանորոգել եւ անձնապէս լաւատես եմ, որ կրնայ: Ներկայիս կայ տագնապ մը, որ կը վերաբերի միւս կուսակցութիւններուն ալ: Թերեւս մեր գոյատեւելու հիմքին մէջ չկրցանք կարեւոր ուշադրութիւն դարձնել յաջորդ սերունդի դաստիարակութեան, շատ գովելի նախաձեռնութեամբ, հսկայական զոհողութիւններով կեանքի կոչեցինք դպրոցներ, որոնք հիանալի արդիւնքներ տուին, բայց տեղ մը շփոթեցինք այդ դպրոցներուն առաքելութիւնը եւ սկսանք հպարտանալ օրինակի համար, թէ հարիւր տոկոսով յաջողութիւն արձանագրած ենք պետական քննութեան մէջ առանց ամչնալու անկէ, որ հարիւր տոկոսով պետական քննութեան մէջ յաջողողներէն ոմանք անհանդուրժելի մակարդակ ունին ուղղագրութեան մէջ, կամ նոյնիսկ չեն կրնար յստակ ձեւով արտայայտուիլ հայերէնով: Ուրեմն յստակ էր, որ շեշտը դրուած էր սխալ բանի վրայ...:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս