Երուսաղէմի Պատրիարքարանին ի նպաստ որոշում` Թուրքիոյ մէջ
Թուրքիոյ սահմանադրական (ՍԴ) դատարանը որոշում կայացուցած է յօգուտ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանող «Մարյակոբ» («Ս. Յակոբ») հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի: ՍԴ-ի որոշմամբ չեղեալ յայտարարուած է հայկական հիմնադրամի կառավարումը Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան յանձնելու մասին ստորին դատարանի որոշումը: Այս մասին գրած է է ermenihaber-ը։
Բարձրագոյն դատարանը որոշած է նաեւ, որ խախտուած է եկեղեցւոյ հիմնադրամի դատարան դիմելու իրաւունքը, քանի որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող իր գոյքը ետ ստանալու պահանջով դատարան դիմած հիմնադրամի գործը չէ քննուած, աւելին՝ որոշուած է անոր կառավարումը յանձնել Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան:
ՍԴ-ն կրկին դատավարութիւն իրականացնելու համար գործը ետ ուղարկած է Անգարայի 15-րդ վարչական դատարան: Որոշման մէջ նշուած է, որ այս մակարդակին նպատակայարմար չէ քննել սեփականութեան իրաւունքի խախտման վերաբերեալ հիմնադրամի պահանջը:
Նշուած է, որ վարչական դատարանի կողմէ աւելի վաղ կայացուած որոշումը չեղարկելու պարագային ճանապարհ կը բացուի հիմնադրամի աւելի քան 100 միաւոր գոյքը ետ ստանալու համար:
«Մարյակոբ» հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը Թուրքիոյ ՍԴ դիմած էր 2016 թուականի Օգոստոս 26-ին, որուն մէջ նշած էր, որ Հիմնադրամների գլխաւոր վարչութեան փաստաթուղթերուն մէջ եւս կ’երեւայ, որ հայկական հիմնադրամի կեդրոնը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ եւ օտար հիմնադրամի կառավարումը բռնի կերպով իր ձեռքը վերցնելը հնարաւոր չէ գրանցել արձանագրութեան մէջ: