Մոսկուաբնակ հայ քաղաքագէտը դադրեցուցած է ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջող հացադուլը

2021-02-02
Image

Արցախեան պատերազմի ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով հացադուլ յայտարարած մոսկուաբնակ հայ քաղաքագէտ Գրիգոր Կէտցեանը հերթական անգամ բուժզննութեան ենթարկուած է:

 Բժիշկները յորդորած են անյապաղ դադրեցնել հացադուլը՝ կապուած հիմնական բժշկական ցուցիչներու վատթարացման հետ։ Ան այսօր պիտի հետազօտուի հիւանդանոցին մէջ։

Բժիշկները նոյնպէս միացած են Արցախեան պատերազմի բոլոր ռազմագերիներու ազատ արձակման կոչին։

Դեռ 15 յունուարին հաղորդուած էր, որ Կէտցեանը առանձին արշաւ կ'իրականացնէ ՌԴ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց։