Չեխիոյ Ծերակոյտը դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը
20 Մայիսին Չեխիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Ծերակոյտը իր լիագումար նիստին միաձայն ընդունած է Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլան Շթյեխի կողմէ ներկայացուած բանաձեւ, որ նուիրուած էր Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտի 75-ամեակին եւ երկու աշխարհամարտերու ընթացքին մարդկութեան դէմ գործած ոճրագործութիւններու, այդ շարքին՝ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման։
Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին տեղեկացուցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։