Կը վստահեցնեմ, որ տեղեկատուական պայքարը նոյնչափ կարեւոր է եւ այստեղ եւս մենք պէտք է յաղթենք. Ա. Յովհաննիսեան

2020-10-16
Image

Առաջնագիծի թէժ մարտերուն զուգահեռ, թէժ մարտեր կ'ընթանան նաեւ ընկերային մետիայի տարբեր տիրոյթներուն մէջ, որոնք նոյնքան կարեւոր են, որքան սահմանին տեղի ունեցող մարտերը։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Այսօր պետական հիմնարկներէն բացի, որոնք օր ու գիշեր չունին, (ՊՈԱԿ-ի աշխատակիցները, ՊՆ, ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնները) արդէն, տարբեր խումբեր միաւորելով, կամ առանձին նախաձեռնութիւններով հանդէս գալով, կ'իրականացնեն հսկայական աշխատանք մետիա բոլոր ուղղութիւններով։

Կը վստահեցնեմ, որ տեղեկատուական պայքարը նոյնչափ կարեւոր է եւ այստեղ եւս մենք պէտք է յաղթենք՝ միասնական աշխատելով։ Յատկապէս կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Armenian Social Media Army խումբին, ի դէմս  Յակոբ Յակոբեանի, որոնք  ինծի հետ անմիջական կապի մէջ կ'ապահովեն տեղեկատուական թիկունքը։ Բոլորիդ շնորհակալ եմ։ Այլ խումբեր ալ կան, բոլորին հերթով պիտի անդրադառնամ, եթէ համաձայն էք

Յ․Գ. Այս ալ բացի մետիապայքարէն խումբի մնացած աշխատանքէն մէկ դրուագ»: