Մահացած է հայկական Ֆութպոլի ախոյեաններէն՝ Արկադի Անդրէասեան

2020-12-23
Image

Հայաստանի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը՝ Արկադի Անդրէասեանը, 22 դեկտեմբերի գիշերը հեռացած է կեանքէն: Տեղեկութիւնը NEWS.am Sport-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած են առասպելական ֆութպոլիստի ընտանիքի անդամները:

 

Երեւանի «Արարատի» ու ԽՍՀՄ հաւաքականի նախկին կիսապաշտպանը մահացած է սրտի խնդիրներու պատճառով: Ան 73 տարեկան էր:

2019-ի ամառուընէ Արկադի Անդրէասեանը կ'աշխատէր Երեւանի «Ուրարտու» ակումբին մէջ, ուր նախ կը զբաղցնէր զարգացման գծով փոխտնօրէնի պաշտօնը, այնուհետեւ ակումբի գլխաւոր տնօրէնի խորհրդականն էր։

Արկադի Անդրէասեանը ԽՍՀՄ-ի հաւաքականի կազմին մէջ 1972-ին դարձած է Միւնխենի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր: Երեւանի «Արարատի» կազմին մէջ ան 1973-ին հռչակուած է ԽՍՀՄ ախոյեան, իսկ 1973-ին եւ 1975-ին՝ ԽՍՀՄ գաւաթակիր:

Ֆութպոլային ասպարէզը աւարտելէ ետք Արկադի Անդրէասեանը 1979-էն սկսած է մարզչական ասպարէզը: Ան տարբեր տարիներու գլխաւորած է «Արարատ»ը, որ անոր գլխաւորութեամբ դարձած է Հայաստանի գաւաթակիր (1996/97), սուփըրգաւաթակիր (2009), երեք անգամ` Հայաստանի առաջնութեան արծաթեայ մետալակիր (1996/97, 1999, 2000): «Արարատի» կազմին մէջ ան մասնակցած է 242 հանդիպման եւ դարձած 62 կոլի հեղինակ: Արկադի Անդրէասեանը 4 անգամ (1971, 1973, 1974, 1975) ընդգրկուած է ԽՍՀՄ 33 լաւագոյն ֆութպոլիստներու շարքին մէջ։

Արկադի Անդրէասեանն ունի «ԽՍՀՄ սփորթի վաստակաւոր վարպետ»ի, «ՀԽՍՀ վաստակաւոր մարզիչ»ի, «Հայաստանի Հանրապետութեան ֆիզիքական մշակոյթի եւ սփորթի վաստակաւոր գործիչ»ի կոչումներ, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալակիր է: