Սփիւռքահայութիւնը կը շարունակէ հանգանակութիւնները. Հաւաքուած է 4.5 միլիոն տոլար

«Երեք շաբաթուան մէջ մեր հայրենակիցները աշխարհի 60 երկիրներէ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին 4.5 միլիոն տոլար նուիրած են», ֆէյսպուքի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
«Ձեր փոխանցած գումարը շատ կարեւոր է. անիկա պիտի ծառայէ մեր հերոսներուն ու անոնց ընտանիքներուն հատուցումներ կատարելու նպատակով:
Դուք եւս կրնաք նուիրատւութիւն կատարել այստեղ»,-գրած է Ստեփանեան: