Ընդդիմութիւն... որո՞ւ դէմ

2019-11-25
Image

Քաղաքական կեանքի ամենակարեւոր բաղկացուցիչը ընդդիմութիւն կոչուած դրոյթն է։

Իշխանութիւնները պախարակող, անոնց գործած սխալները մատնանշող, այդ սխալները քաղաքական միաւորի վերածող մարմինն է ընդդիմութիւնը, որուն հեռահար նպատակն անշուշտ իշխանութիւնը գրաւելն  է։

Ցանկացած ընդդիմութիւն ինք է ի վերջոյ, որ կը գծէ իր ապագայի փլանները եւ    հաշուի առնելէ ետք երկրին մէջ տիրող վիճակն ու առկայ գործօնները, կը մշակէ   ծրագիր, որուն հիմամբ ալ առաջ կը տանի իր առաջիկայ քայլերը։

Այս բոլորին մէջ ուշագրաւն այն է, որ ցանկացած ընդդիմութեան համար  ամենակարեւոր գործօնը՝  ժողովուրդն է:

Ընդդիմութիւնը կը գործէ ժողովուրդին համար ու շնորհիւ քաղաքական միաւոր    դառնալու ատակ ժողովուրդի նեցուկին, կը կարողանայ առաջ երթալ  եւ հրաշքներու համազօր  յաղթանակներ կերտել։

Այդպիսին էր Հայաստանի վիճակը 2018 թուին, երբ ոչ  ոք, այո՛, գրեթէ ոչ ոք կը հաւատար, կամ առնուազն կ՚ուզէր հաւատալ, որ Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւնները պիտի տապալին ու զանոնք փոխարինելու պիտի գան   երիտասարդ, գրեթէ անփորձ, սակայն ժողովուրդի նեցուկն  ունեցող ազգընտիր    գործիչներ։

Գրաւականն ուրեմն,  եթէ  ուշադրութիւն դարձնենք, երէկ  ալ, այսօր ալ, վաղն  ալ  ժողովուրդն է։ Ոչ միայն անոր համար, որ Հայաստանի ժողովուրդը միատարր եւ նոյն արժէքները դաւանող, նոյն գաղափարները կիսող հանրոյթ է, այլ անոր համար, որ  ոտքի  կանգնող եւ  իր իրաւունքներուն համար մաքառող ժողովուրդի երթն  անհնար  է կասեցնել։

Այս մտորումները կը շարադրուին այն պահուն, երբ  Հայաստանի մէջ  այսօր,  եւ  ինչ-ինչ գործօններ ի մի բերելով, նախկին իշխանութեան մնացորդներ կը փորձեն  ստեղծել  նոր դաշտ, որուն հիմնական  առաջադրանքն ու հիմնական   ընելիքը  պիտի ըլլայ  պայքար տանիլ   վարչապետ Փաշինեանի եւ անոր շուրջ  ձեւաւորուած  երիտասարդ   իշխանութիւններուն  դէմ։

Գուցէ այս մարդիկ յիշողութեան լուրջ  խնդիր ունին եւ գուցէ ընդհանրապէս մոռցած են, թէ  ինչ հանգամանքներու, ինչ դժգոհութեան եւ ինչ բողոքի մեծ ալիքի տակ էր, որ Երեւանի հազարաւոր ցուցարարները միաբերան «Սերժիկ հեռացիր» պոռացին, հաւատալով ոչ միայն Փաշինեանի անձին ու անոր շուրջ համախմբուած   քատրերուն, այլ նախ եւ առաջ  հաւատալով իրենց սեփական ուժին, սեփական տեսակէտին ու սեփական  ձայնին:

Անշուշտ մեծ վտանգներու, մեծ մտավախութիւններու եւ դժուարին խմորումներէ  անցան այդ բոլորը, սակայն այդ շարժումի աւարտին անգամ մը եւս եւ ի լուր համայն աշխարհին կ՚ամրագրուէր մէկ  գաղափար, այն ՝ որ  ժողովուրդի  կամքն անպարտելի  է:

Ու այսօր ալ նոյնն է պատկերը։ Այնպէս չէ, որ այսօրուան իշխանութիւնները «կախարդական գաւազան» ունին, կամ արդէն իսկ մէկ ու կէս տարուան ժամանակամիջոցի մը մէջ կարողացան կերտել բոլորիս համար «երազ  Հայաստան»  դրոյթը, բայց  եւ  այնպէս ամրագրուած փաստ է, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս  Հայաստանի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր անվերապահ նեցուկը ցոյց  կու տայ  ազգընտիր վարչապետին։

Անշուշտ  կան, պիտի ըլլան մարդիկ, որ առանց ճիշդ վերլուծման մը յանգելու, արդէն իսկ հիսաթափուած են ու մէկդի նստած, բայց եթէ հաշուի առնենք ժողովուրդի  մեծամասնութիւնը, ապա անգամ մը եւս պիտի նկատենք եւ ընդունինք, որ համաժողվրդային բողոքի ալիքով տեղ հասած իշխանութիւններն այսօր ալ կը վայելեն ժողովուրդի մեծամասնութեան նեցուկը:

Հիմա հարց կը ծագի, եթէ ընդդիմութիւն, ապա որո՞ւ դէմ...

Պարոնայք, եթէ ընդդիմութիւն է եղածը, կամ եթէ ընդդիմութեան գաղափարին համար է այս ամբողջ աղմուկը, ապա, որու համար։

Մարդ իր  սեփական ժողովուրդին կ՚ընդիմանա՞յ, կամ մարդ առնուազն կը հասկնայ,  կը տրամաբանէ եւ կ՚ընկալէ, որ տեղ մը, ինչ ալ ըլլան գործի  դրուած  պայմաններուն  զօրեղութիւնը, անհնար է  կռիւ տալ սեփական ժողովուրդին, սեփական  մաշկին ու սեփական գաղափարին դէմ:

Ժողովուրդն է մեծ դատաւորը եւ բոլոր պարագաներու տակ, անհնար է նենգափոխել  այդ ժողովուրդի բարի կամքը, եւ ժողովուրդն է վերջին խօսք ըսողը, անհնար է այդ խօսքին վրայ բառ աւելցնել կամ   կեղծել անոր ողջ էութիւնն ու գաղափարը։

Ամենամեծ գաղափարը, պարոնայք, ժողովուրդն է։

Հարկ է յարգել այդ ժողովուրդի կամքը եւ ի վերջոյ հասկնալ ու  ըմբռնել, որ անհնար է կրակ բանալ քու սեփական ժողովուրդին վրան։

 

 «Ռամկավար Մամուլ»