Կեղծ օրակարգ. Կամ այն մասին, թէ ինչպէս «պատուէր» կ՚իջեցնեն...
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները թեթեւ շեշտերով կը յուշեն հայկական հին-նոր իրականութեան մը մասին։
Այն, որ բոլոր հայերը ռազմի ժամանակ կը դառնան մէկ եւ պատերազմի գացող մարտիկի հաւաքական կերպարին մէջ կը միաձուլուին անուրանալի փաստ է. Ի դէպ այս երեւոյթին մենք ականատես եղանք 2016 թուականի ապրիլին, երբ բոլոր ենթադրութիւնները եւ վարկածները մէկդի նետուեցան եւ անգամ Եւրոպայէն ու հեռաւոր Ռուսաստանէն հարիւրաւոր հայորդիներ հասան Ստեփանակերտ՝ յանուն սուրբ հողի պաշտպանութեան։
Այսօր սակայն բոլորովին ուրիշ վիճակ է։
Այն իմաստով, որ բոլորը ըսելիք ունին, բոլորը քննադատելու յարմար առիթ կը փնտռեն եւ բոլոր-բոլորը դարձած են մեր երկրին այսօրով ու ապագայով տառապող մարդիկ։
Չնայած անոր, որ այդ նոյն բոլորը ընդամէնը երկու տարի առաջ լռիկ-մնջիկ մտած էին իշխանութեան մեծ հովանոցին տակ ու հոն կը փորձէին իրենց բաժին ինկած հացի փշուրները հաւաքել ...
Նոյն այդ բոլորը այսօր իշխանութեան դէմ կրակ բանալու գործին վրայ են, մոռնալով, որ այսօրուան իշխանութեան տապալումը ամէն պարագայի կրնայ տապալումը ըլլալ մեր ժողովուրդի փոխելու կամքին ու կոտրուիլը ապագային վրայ բացուած յոյսի մեծ առագաստին...
Ժամանակները կ՚անցնին, կ՚անցնին նաեւ դժուար պահերը ու դարձեալ առիթ կը տրուի մեզի բոլորիս, լաւապէս մտածել մեր ըրածին ու մեր ընելիքներուն մասին, սակայն խնդիրն այն է, որ մեզմէ շատ-շատերը կ՚ուրանան այս երկրի հանդէպ հաւատարիմ ըլլալու իրենց ներհուն զգացողութիւնը ու կը նետուին իշխանութեան դէմ ցեխ արձակելու ոչ շնորհակալ գործին։
Կը մոռնան տակաւին, որ սիրոյ եւ համերաշխութեան թաւշեայ խրամատներով իշխանութեան հասած երիտասարդ գործիչներու այսօրուան հոյլը մէկդի դրաւ ամէն ինչ եւ նետուեցաւ ճահիճի մէջ խեղդուած մեր ժողովուրդին փրկութեան լաստ մը ըլլալու առաքելութեան։
Մինչ առաջին գործը (անհիմն ցեխարաձախումները) պատուէր կատարելու կը նմանին, անդին երկիր ղեկավարելու այս երիտասարդներու գործը իսկական առաքելութիւն է։
Առաքելութիւն, որ կայմուած է ամուր հիմքերու վրայ, եւ որուն մէջ ամէնէն ազդու ձայն ունեցողը Հայաստանի արի ժողովուրդն է։
Այս բոլորէն անդին, ամենահիմնարար կէտն այն է, որ այսօր ինչքան ալ խօլաբար փչեն պատուիրատուներու շինծու քամիները, անոնք անկարող են երկիրը ետ տանելու դէպի ճահիճ ... եւ դէպի անցեալ։
Կ՚ապրինք ու կը տեսնենք։
Ռ.Մ.