Կոչ Լրջախոհութեան Եւ Միասնականութեան. Յայտարարութիւն
Բացորոշ է թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախ աշխարհը եւ համայն հայ ժողովուրդը, վերջին երկու տարիներուն, կ’ենթարկուին աշխարհաքաղաքական լրջագոյն ցնցումներու, որոնց իբրեւ անմիջական հետեւանք, ակներեւ դարձած են բարդ զարգացումներու իրողութիւններ։
Բոլորս տեղեակ ենք, արդէն, թէ սկիզբ առած են բանակցութիւններ, որոնք կը միտին յանգիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։
Տրամաբանական է, հաւանօրէն նոյնիսկ՝ անհրաժեշտ, որ աշխարհագրական դրացութեան մէջ գտնուող երկիրներ զարգացնեն այլեւայլ յարաբերութիւններ, որոնց շնորհիւ ո՛չ միայն կ’ամրապնդուին ընդհանրական շահերը, այլ՝ կը նուազին նաեւ բեւեռացումներն ու լարուածութիւնները։
Միաժամանակ, համաշխարհային նոր զարգացումներու լոյսին տակ, ակնյայտ կը դառնայ թէ գեր-պետութիւնները իրենց ուշադրութիւնը սեւեռած են տուեալ տարածաշրջանային հատուածին վրայ եւ ազդու կերպով կը թելադրեն որ Հայաստանն ու Թուրքիան հետամուտ ըլլան այդպիսի յարաբերութիւններու հաստատումին։
Երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ձեւաւորումը, սակայն, երբեք չի նշանակեր որ փաթեթաւոր կերպով ընդգրկուած կ’ըլլան նաեւ գոյութիւն ունեցող առկախեալ բոլոր հարցերը։ Ներկայիս, ինչպէս բոլոր ժամանակներուն, կան իրարու սահմանակից եղող բազմաթիւ երկիրներ, որոնք մշակած են փոխադարձ այլեւայլ յարաբերութիւններ, մինչ տակաւին անլոյծ կը մնան հիմնական շատ մը խնդիրներ։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ որոշ յարաբերութիւններու բարեկարգումը ամենեւին չի սահմաներ թէ լուծումի բերուած կ’ըլլան մեր ժողովուրդը յուզող, աղերսակից բոլոր հարցերը։ Հայկական Դատը եւ պահանջատիրութիւնը կան եւ կը մնան որեւէ ատենէ աւելի այժմէական։ Յատկապէս սփիւռքահայութիւնը, որպէս տարահալած եւ օրրանազուրկ հաւաքականութիւն, պարտի բազմապատկել այդ ուղղութեամբ կատարած իր բոլոր ճիգերը, նախընտրաբար, անոնց մասին ո՛չ միայն իրազեկ պահելով հայրենի իշխանութիւնները, այլ նաեւ զանոնք համադրելով իրենց հետ;
Ինչ կը վերաբերի ընթացքի մէջ եղող բանակցութիւններուն, մեր միակ մտախոհութիւնը պէտք է ըլլայ որ բծախնդրօրէն եւ ամբողջովին երաշխաւորուած ըլլան մեր ժողովուրդին էական բոլոր շահերը։ Ա՛յս իսկ նախանձախնդրութենէն մեկնելով, անհրաժեշտ է որ գիտակցինք թէ մեր բանագնացին - ինչպէս նաեւ հայրենի իշխանութեան - վարկը պէտք է ըլլայ առաւելագոյն չափով բարձրունակ, յաչս աշխարհին, բայց մասնաւորաբար՝ հանդիպակաց կողմին։
Մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար խիստ բախտորոշ այս ժամանակաշրջանին, ազգովին մեր բոլորին պարտքն է, յստակօրէն ընբռնուած կերպով, ցուցաբերել կենսական այս լրջախոհութիւնը։
Զուգորդաբար, աներկբայօրէն պէտք է անդրադառնանք թէ անվստահութեան, մեղադրանքներու, պախարակումներու, ցեխարձակումներու հանապազօրեայ նողկալի մթնոլորտը, անխուսափելիօրէն, կը հիասթափեցնէ, կը վհատեցնէ եւ խրտչեցնելով կը վանէ մեր նոր սերունդը, մասնաւորաբար սփիւռքի տարածքին։ Անբաղձալի այս պարագան, անկասկած, անդառնալի կորուստ կրնայ ըլլալ մեզի համար, եթէ չյաջողինք կտրականապէս առաջքը առնել անոր։
Ներկայի հրամայական պահանջքն է, որ գոյացնենք համազգային գիտակից միասնականութիւն մը, կանխելու համար տխրալի եւ ազգավնաս ամէն անպատեհութիւն ու պատուհաս։ Այլապէս կրնան շատ ծանր ըլլալ անխոհեմ ընթացքներու ցաւագին հետեւանքները։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ
18 Փետրուար, 2022