Հանդիպում Երուսաղէմի Հայոց Թաղի Պահպանութեան Եւ Պաշտպանութեան Շարժման Անդամներուն Հետ
Երկուշաբթի, Օգոստոս 26-ին Երուսաղէմէն Երեւան ժամանած Հայոց Թաղի Պահպանութեան եւ Պաշտպանութեան շարժման անդամները հանդիպում մը ունեցան ՌԱԿ Հայաստանի ներկայացուցչական գրասենեակի անդամներուն հետ, յիշեալ գրասենեակէն ներս։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր Երուսաղէմի Հայոց Թաղի «Կովերու Պարտէզ» հողատարածքի վարձակալութեան պայմանագրին առնչութեամբ։
Յանձնախումբի անդամները ներկայացուցին դատական գործընթացը, ներկայ կացութիւնն ու հաւանական զարգացումները։
Քննարկուեցան նաեւ երկու կողմերու միջեւ հետագայ գործունէութեան հնարաւորութիւններ եւ միջոցներ։
Նկարին մէջ - Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ ընկեր Հայկ Լեփեճեան (ձախէն առաջինը), ընկերուհի Սօսի Պըլըխեան (ոտքի) փոխ-ատենապետ եւ Հայաստանեան Յանձնակատար ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան (կեդրոնը) եւ ընկեր Բարդուղ Գալստեան (աջէն առաջինը), Յանձնախումբի անդամներուն հետ (ձախէն աջ) Զոհրապ Գրիգորեան, Յակոբ Յակոբեան, ընկեր Յակոբ Ճռնազեան, ընկեր Սեդրակ Պալեան, Գեղամ Պալեան եւ Աբօ Կիրակոսեան