Մեր կոչը. Հեռու մնալ լարուածութենէն եւ ընթացք տալ քաղաքական գործընթացներուն
Հայաստանի մէջ մտահոգիչ օրեր կ՚ապրինք։
Մտահոգիչ, պայմանաւորուած ոչ միայն ծանր պատերազմի հետեւանքները վերացնելու միտող համազգային միաւորման մը բացակայութեամբ, այլ օրէ օր աճող ներքին լարուածութեան երեւումով:
Ընկճողն այն է, որ հակառակ արհաւիրքներու ատեն ներ-ազգային միասնութիւն մը ստեղծելու մեր կարողութեան եւ բնազդին, այսօր գրեթէ մոռացութեան տրուած է ամէն ինչ, եւ հակառակորդին կողմէ առկայ սպառնալիքները դիմագրաւելու փոխարէն անցած ենք ներքին «հրմշտոց»ի։
Տարբեր առիթներով գրուած է, որ յաղթանակը բոլորինն է, իսկ պարտութիւնը համարեայ թէ որբ, սակայն խնդիրն այսօր այդ պարտութիւնը չէ միայն, այլ ներքին իրավիճակը, որ կրնայ մեզ ազգովին, բառիս բուն իմաստով, տապալել։
Բողոքի երթեր, համաժողովրդային ալիքի բացակայութիւն, մտահոգութիւններ ու ասկէ անդին ալ՝ ներքին սպառնալիքներ, որոնք մեզ հեռու կը տանին ազգային բարձր նպատակներու հիմնական ճանապարհէն։
Տեսանք անշուշտ, որ անցնող նոյեմբերէն ի վեր Երեւանի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերը, հաւաքներն ու անհնազանդութեան կոչերը նպատակի մը չհասան։ Աւելին, ընդդիմութիւնը, որ ունի ներկայացուցչական խոցելի պատկեր, տակաւին չհասկցաւ, որ այսօր Հայաստանի ժողովուրդին համար իրական պահանջ մը չէ իշխանափոխութեան օրակարգը։
Այս մոռնալէն ետք ընդդիմութեան կողմէ վերջին օրերուն հնչած եւ սպառնական մեծ բաղադրիչներ իրենց մէջ կրող յայտարարութիւնները, ոչ միայն կը խրտչեցնեն մեր ժողովուրդը, այլեւ կրնան վերածուիլ շատ լուրջ եւ մեծ վտանգներու։
Յոռետեսութեամբ պիտի չմօտենանք հարցերուն, սակայն այսօր Երեւանի օդին մէջ առկայ լարուածութիւնը, ատելութեան մթնոլորտը եւ հարցերը սահմանադրական դաշտէն հեռու լուծելու մօտեցումները ամբողջ հայութեան դիմաց երեւցող լուրջ սպառնալիքներ են։
Ներկայիս օրակարգերը խառնուած են, յստակ է նաեւ արտահերթ ընտրութիւններու կապակցութեամբ ընդդիմութեան կողմէ անընդունելի պայմաններ կը դրուին եւ միւս կողմէ ալ ժողովուրդի կամքն ու գաղափարը կը ներկայացուին որպէս Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ թշնամական կեցուածքներ։
Այս բոլորին հետ մէկտեղ, անշուշտ ինչքան լաւ ու տեղին պիտի ըլլար, երբ ընդդիմադիր դաշտի ներկայացուցիչները գիտակցէին Հայաստանին սպառնացող վտանգները եւ ի գին մեծ զոհողութիւններու, գործակցութեան ձեռք մեկնէին հայրենի իշխանութիւններուն։
Անոնք ընտրեցին այլ ճանապարհ, ազատ են այդ ընտրութեան մէջ, սակայն ամենակարեւորն այն է, որ պարտաւոր են գիտակցիլ պահու լրջութիւնը եւ անշուշտ չհատել ազգային անվտանգութեան յայտնի «կարմիր գիծեր»ը։
Ընդդիմութիւնն անշուշտ ազատ է իր տեսակէները հնչեցնելու տեսակէտէն, սակայն իրաւացի ըլլալու համար այստեղ պարտաւոր ենք հարց տալ, թէ ուր էր այս ընդդիմութիւնը պատերազմի ամենաթէժ օրերուն։
Ընդդիմութեան տարբեր շերտեր, այո մասնակցեցան Արցախեան պատերազմին, սակայն անոնք անտես ըրին իրական մեծ վտանգները ու աւելին չբարձրաձայնեցին առկայ սխալներուն մասին։
Հասկնալի է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ մեծ սխալներ գործեցին, սակայն այդ սխալներու առկայութենէն օգտուիլ եւ բռնութեան ճանապարհով իշխանութիւնը վերցնելու մասին հնչող տարբեր մակարդակի կոչերը, բնաւ ալ ընդունելի չեն։
Առ այդ, մեր բոլորին համար իսկական հրամայական պէտք է դառնայ փոթորկած մեր առօրեան տանիլ խաղաղ իրավիճակի, առկայ լարուածութիւնը ամէն գնով մեղմել ու նաեւ մեծ ճիգեր գործադրել, որ խնդիրները լուծուին բացառապէս քաղաքական ճանապարհներով ու մանաւանդ յենուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան ընձեռած միջոցներուն վրայ։
Այլապէս ցանկացած քայլ աւելի ծանր կրնայ կշռել, առանց անոր ալ վիրաւորուած եւ ընկճուած դրութեան մը մէջ մտած մեր հայրենիքին համար։
Կոչը մէկն է, հաւաքուիլ ազգային արժէքներուն շուրջ, հանդարտիլ, եւ զարկ տալ քաղաքական հանգիստ գործընթացներուն։
«Ռամկավար Մամուլ»