Մէկ տարի առաջ այս օրը՝ առաւօտեան 7:10-ին, սկսաւ 44-օրեայ պատերազմը

2021-09-27
Image

Այսօր Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցն է։

2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այսօր՝ ժամը 11:00-ին, պիտի յայտարարուի մէկ վայրկեան լռութիւն: 

Մէկ տարի առաջ այս օրը՝ 27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան ժամը 7:10-ին, Արցախէն ստացանք առաջին լուրերը՝ Ատրպէյճանի օդային եւ հրթիռային յարձակում սկսելու մասին:

Մարտական գործողութիւնները կ'ընթանային արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի ողջ երկայնքով, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի որոշ հատուածներու մէջ, թիրախաւորելով նաեւ բնակավայրերը:

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք։

44 օր շարքային զինուորէն մինչեւ հրամանատար, պայմանագրայինէն մինչեւ ռազմաճակատ մեկնած կամաւորական կենաց ու մահու պայքար մղեցին՝ պաշտպանելու հայրենի հողը: Արցախի դէմ յարձակումը կ'ուղեկցուէր ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ միջազգային նորմերու բազմաթիւ կոպիտ խախտումներով, այդ շարքին՝ քաղաքացիական բնակչութեան եւ կենսական ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորմամբ, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու նկատմամբ իրականացուած խոշտանգումներով։

44-օր անց՝ 10 Նոյեմբերի 2020-ին, Ռուսաստանի Դաշնութեան անմիջական միջնորդութեամբ կնքուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւն՝  խաղաղութեան պայմանագիր, ըստ որու Արցախի հանրապետութեան տարածքի մեծ մասը անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ. նախկին ԼՂԻՄ-ի տարածքէն դուրս բոլոր շրջանները բացառութեամբ Լաչինի միջանցքը, Շուշի քաղաքը, Հադրութի շրջանի մեծ մասը, Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջանի որոշ գիւղեր, իսկ Արցախի սահմանները կը պահպանեն ռուս խաղաղապահները։

44-օրյա պատերազմի հետեւանքով զոհուած է 3777 մարդ։ Ըստ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ անոնցմէ 3702-ը զինուորականներ են, իսկ 75-ը՝ քաղաքացիական անձինք, 243 զինծառայողի գտնուելու վայրն անյայտ է:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան վերջին տուեալներու, զինադադարէն ետք՝ մինչ օրս յայտնաբերուած է 1670 աճիւն եւ մասունք։ Արցախի գրաւեալ տարածնքներուն մէջ որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին մինչեւ այժմ։

Պատերազմին Ատրպէյճանը կիրառեց իր ողջ զինանոցը՝ ԱԹՍ-ներու, նորագոյն տեխնիկայի եւ ծանր հրետանիի լայնամաշտապ ռազմական օգտագործմամբ եւ տեղեկատուական դաշտին մէջ պաշտօնական հակամարտութեամբ։ Պատերազմը կ'անուանէին 5-րդ սերունդի, իսկ ռազմական գործողութիւններու թէժութեամբ եւ տեխնիկայի օգտագործման ծաւալով այն կը համեմատէին 2003թ․ Իրաքեան պատերազմի հետ (ԱՄՆ-ի եւ Իրաքի միջեւ)։

Ատրպէյճանին բացայայտ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերեր է Թուրքիան։ Հայ երիտասարդներու դէմ կռիւին ներգրաւուած եղած են նաեւ վարձկան ահաբեկիչներ Սուրիայէն։

Բազմաթիւ երկիրներ եւ միջազգային կառոյցներ խստօրէն դատապարտած են հակամարտութիւնը՝ կողմերուն կոչ ընելով անյապաղ դադրեցնելու կրակը եւ վերսկսելու կառուցողական բանակցութիւնները։

Մէկ տարի անց ալ Արցախի կարգավիճակի հարցը չէ լուծուած։ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար նախապայմաններ կը դնեն։