«Արեւմուտքը կ'ուզէ ամրանալ մեր դաշնակից Հայաստանի մէջ». Զախարովա

Մոսկուան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը կը դիտարկէ որպէս Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելու փորձ։
Ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի տարածած մեկնաբանութեան մէջ:
«Ընդգծելով նոր առաքելութեան բացառապէս քաղաքացիական բնոյթը՝ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները անազնիւ են: Անիկա կը ծաւալի Եւրոպական Միութեան ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շուրջ, հետեւաբար անհրաժեշտ է համապատասխանաբար վերաբերում ունենալ անոր նկատմամբ:
Ցաւօք, առաջին անգամ չէ, որ կ՛արձանագրենք Եւրոպական Միութեան եւ ամբողջ Արեւմուտքին՝ մեր դաշնակից Հայաստանի մէջ որեւէ կերպով ամրանալու ցանկութիւնը:
Այդ փորձերուն մէջ մենք կը տեսնենք բացառապէս աշխարհաքաղաքական ենթաթեքսթ, որ հեռու է Անդրկովկասի մէջ յարաբերութիւններու իրական կարգաւորման շահերէն:Ամէն ինչ կը կատարուի Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելու եւ ապահովութեան գլխաւոր երաշխաւորի անոր պատմական դերը թուլցնելու համար: Այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ Պաքուի՝ հրապարակայնօրէն արտայայտած բացասական գնահատականները կ'անտեսուին»,-ըսուած է Զախարովայի յայտարարութեան մէջ։
Ըստ անոր՝ շրջանային տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորման մէջ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեան փորձառութիւնը այդքան ալ յաջող չէ, առ այդ, պէտք է զայն նկատի ունենալ՝ Հայաստանի մէջ նոր առաքելութեան վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան որոշումը գնահատելու ատեն:
Զախարովա հաստատած է, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններու փաթեթը կը մնայ տեսանելի ապագային տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան հիմնական գործօնը: