«Եթէ Հայաստանը դրական արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը հետագային կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան». Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Քուէյթի իր գործընկեր շէյխ Ահմատ Նասիր Մուհամմէտ ալ-Սապահի հետ հանդիպման ընթացքին խօսած է նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մասին:
«Ղարաբաղի մէջ հրադադարը լաւ հնարաւորութիւն է: Տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելուն զուգահեռ մենք հնարաւորութիւն ունինք կարեւոր նախագիծեր կեանքի կոչելու եւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու: Եթէ Հայաստանը այս ամէնը դրական արձագանգէ՝ Հարաւային Կովկասը կրկին կրնայ դառնալ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջան»,-յայտարարած է Չաւուշօղլուն: