«Կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանին վերադարձնելու բոլոր հայ գերիները առանց նախապայմաններու». Լաւրով

Ռուսաստանը տարբեր մակարդակներով Ատրպէյճանի հետ շփումներու ընթացքին կոչ կ'ընէ վերադարձնելու հայ ռազմագերիները առանց նախապայմաններու:Մոսկուայի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը:
ՌԴ ԱԳ նախարարը նախ ընդգծած է, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ խօսքը այն ռազմագերիներու մասին էր, որոնք գերեվարման մէջ էին այդ պահուն:
«Այս պահուն ատրպէյճանցիները հայ զինծառայողներու նշանակալի խումբ կը պահեն, որոնք այնտեղ յայտնուած են Նոյեմբերի վերջը, երբ յայտարարութիւնը ուժի մէջ մտած էր եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր դադրեցնել իւրաքանչիւր թշնամական գործողութիւն: Ռուսաստանի նախագահը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան եւ նախագահ Ալիեւի հետ շփումներուն, ինչպէս եւ մենք այլ մակարդակներով այդ ազդակը կը յղենք ատրպէյճանցի գործընկերներուն եւ կոչ կ'ընենք ազատ արձակելու անոնց՝ առանց նախապայմաններու, որովհետեւ անիկա կարեւոր մարդասիրական քայլ կ'ըլլայ եւ նշանակալի քայլ վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ, որու կարիքը շատ կայ»,- ըսած է Լաւրով:
Ան աւելցուցած է, որ պիտի շարունակեն հանդէս գալ այդ դիրքերէն, սակայն նկատել տուած է, որ վերջնական որոշումը, ամէն պարագային, իրենցմէ կախուած չէ:
ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը նշած է, որ Հայաստանը վաղուց կատարած է իր պարտաւորութիւնը. «բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքով» Հայաստանը վերադարձուցած է բոլոր ատրպէյճանցի ռազմագերիները: «Մենք համարում ենք, որ Ատրպէյճանը իր կողմից պէտք է վերադարձնի բոլոր ռազմագերիներին եւ այլ պահուող անձանց, ոչ միայն որպէս իր պարտաւորութիւնների կատարում, այլ նրա համար, որպէսզի փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի: Այդ մթնոլորտում արդէն կարելի կը լինի անցնել հետագայ քննարկումներին եւ բոլոր հարցերի կարգաւորմանը»,- ըսած է Միրզոյեան: