«Կորած եկեղեցւոյ առեղծուածը». BBC-ի թղթակիցը փորձած է պարզել ուր անհետացած է Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (տեսանիւթ)

BBC-ի թղթակից Ճոն Ֆիշըրը այցելած է Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածք եւ փորձած է պարզել՝ ինչպէս եւ ուր անհետացած է Մեխակաւանի (Ճապրայիլ) հայկական Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Ֆիշըր նախեւառաջ եկեղեցին գտնելու համար օգտուած է հեռախօսային տեղորոշման համակարգէն: Այնուամենայնիւ, հասնելով տեղանք, ան նկատած է միայն այն 2 ծառը, որոնք, ըստ լուսանկարի, կը գտնուէին եկեղեցիէն ոչ հեռու: Ինչ կը վերաբերի բուն կառոյցին, ապա անոր հետքն անգամ չկայ:
Թղթակիցի հարցադրմանն առ այն, թէ ուր անհետացած է հայկական եկեղեցին, այնտեղ գտնուող ատրպէյճանցի ոստիկանն ըսած է, որ այն ոչնչացած է պատերազմի ժամանակ: Սակայն Ֆիշըր անոր հակադարձած է՝ պնդելով, որ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին կառոյցը չէր կրնար ոչնչանալ, քանի որ համացանցի մէջ տարածուած է ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ տեսանիւթ, որ արնուած է այն ժամանակ, երբ Մեխակաւանն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է: Տեսանիւթին մէջ կ'երեւայ, որ եկեղեցին կանգուն է եւ ատրպէյճանցիները կանգնած են անոր գմբեթին վրայ:
«Ատրպէյճանը յայտարարած է, որ էթնիք հայերը կրնան մնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն Հայաստանը հարեւան երկիրը կը մեղադրէ հայկական մշակութային ժառանգութեան, այդ շարքին եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու վնասման ու ոչնչացման մէջ»,- նշուած է նիւթին մէջ:
Տեսանիւթը՝ այստեղ: