«Հայաստանը աննախադէպ արտաքին ճնշման կ'ենթարկուի». Զախարովա

2022-10-25
Image

Մեզի չեն կրնար չանհանգստացնել Անդրկովկասի մէջ թափ հաւաքող տագնապալի միտումները, ուր Արեւմուտքը ակնյայտօրէն կը փորձէ տեղափոխել Ուքրանիոյ մէջ մշակուած առճակատման ծրագիրը։ Ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան․

«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչ աննախադէպ արտաքին ճնշման կ'ենթարկուի եղբայրական Հայաստանը։ Մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու դարաւոր կապերուն վնաս հասցնելու համար քայլեր կը ձեռնարկուին տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը վարկաբեկելու ուղղութեամբ։ Բազմաթիւ հիմնադրամներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ լրատուամիջոցներ, որոնք կը գործեն Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի թելադրանքով, վրէժխնդիր կերպով կը ձգտին հասարակութեան մէջ հակառուսական տրամադրութիւններ սերմանել։

Համոզուած ենք, որ արտաքին ուժերու կողմէ Մոսկուան եւ Երեւանը պառակտելու փորձերը յաջողութիւն պիտի չունենան։ Մենք վճռական ենք ամրապնդելու Հայաստանի հետ ռազմավարական դաշինքը եւ բազմակողմ համագործակցութիւնը, որ թոյլ կու տայ մեզի համատեղ յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները։

Արեւմուտքի անխոհեմ եւ լկտի մօտեցումը կարելի է նկատել նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ։ Հաշուի չառնուիր խնդրի ոչ տարածաշրջանային առանձնայատկութիւնը, ոչ ալ յատուկ զգայունութիւնը։ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի իրական նպատակները ոչ թէ փոխզիջումային եւ հաւասարակշռուած լուծումներու զարգացումն են, այլ ինքնագովազդումը եւ Ռուսիան Անդրկովկասէն դուրս մղելը։

Մեր եռակողմ զարգացումները իւրացուած ու այլասերուած են։ Յաճախակի դարձած են Եւրոմիութեան, ԵԱՀԿ-ի եւ Ֆրանսայի քօղի տակ արեւմտեան գաղտնի պատուիրակներու ժամանումները Հայաստան։ Առաջ կը մղուին հապճեպ յօրինուած նախաձեռնութիւններ, որոնք հաշուի չեն առներ տարածաշրջանի ողջ բնակչութեան շահերը։ Սա յղի է հաւասարակշռութեան խախտմամբ, որ ձեռք բերուած է դժուարին պայմաններու մէ'՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։

Զուգահեռաբար անհիմն մեղադրանքներ կը շրջանառուին, թէ իբր Մոսկուան չի կատարեր Հայաստանի նկատմամբ իր անվտանգութեան պարտաւորութիւնները։ Այս կապակցութեամբ կ'ուզենք յիշեցնել, որ մեր երկիրն էր, որ դադրեցուց պատերազմը 2020 թուականի նոյեմբերին, ուղարկեց խաղաղապահներ, որոնք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերին տարածաշրջան եւ մինչ օրս վճռական ներդրում ունին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ զինուած միջադէպերու կարգաւորման գործին։ Արտաքին ուժերու փորձերը՝ հասնելու ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման, ուղղուած են Հարաւային Կովկասի ապակայունացման։

Բոլոր մակարդակներու վրայ մենք կը շարունակենք աշխատիլ գործընկերներու հետ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման շահերէն ելլելով, ներառեալ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմաններու սահմանազատումը, խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնութիւնը, մարդասիրական խնդիրներու լուծումը եւ հասարակական ու փորձագիտական երկխօսութեան ստեղծումը։ Միաժամանակ խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ երկու կողմերու համաձայնութիւնը»։