«Հարց կ'առաջանայ՝ ինչո՞ւ Յունաստանի դեսպանը միացեաւ Ալիեւի ռեժիմի կազմակերպած քարոզչական շրջագայութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական գրաւեալ տարածքներ». Greek City Times

2021-07-13
Image

Յունական Greek City Times պարբերականը անդրադարձած է Պաքուի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոս Փիփերիկոսի՝ դիւանագիտական ջոկատի այլ ներկայացուցիչներու հետ ներկայիս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի քաղաք կատարած այցելութեան:

Լրագրող Փոլ Անթոնոպուլոսը նշած է, որ  ատրպէյճանական ռեժիմը վերջերս աւելի քան քառասուն դիւանագէտի համար քարոզչական շրջագայութիւն կազմակերպած էր դէպի Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս գրաւեալ տարածքներ, որոնք թէ՛ պատմական, թէ՛ ժողովրդագրական առումներով հայկական են:

Լրագրողը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ  նախորդ տարի, երբ Յունաստանի դեսպանն իր հաւատարմագրերը կը յանձնէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, վերջինս ըսած էր, որ «Պաքուն ամէն հարցով, այդ շարքին նաեւ Արեւելեան Միջերկականին մէջ թուրք-յունական տարաձայնութիւններուն, կ'աջակցի եղբայրական Թուրքիոյ, եւ այդ գաղտնիք չէ»:

«Եւ չնայած, որ  դեսպան Փիփերիկոսին ատրպէյճանցի բռնապետը բացայայտօրէն ըսած է, որ իր երկիրը կուրօրէն կ'աջակցի Թուրքիոյ՝  Արեւելեան Միջերկրականին մէջ Յունաստանի ծովային իրաւունքները գողնալու հարցով, ան, այնուամենայնիւ, անցած հանգստեան օրերուն միացաւ քարոզչական շրջագայութեան»,-գրած է լրագրողը:

Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժումը յանգեցուցած է սարսափելի ռազմական յանցագործութիւններու, ինչպիսիք են գլխատումները, սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը եւ եկեղեցիներու կանխամտածուած թիրախաւորումը, անգամ լրագրողներու դէմ կրկնակի հարուածներ հասցնելը: 

Անթոնոպուլոսը վերյիշած է, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը ամենաբարձր մակարդակի օտարերկրեայ պաշտօնեան էր, որ այցելած է Հայաստան 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին, երբ Հունաստանի հասարակութիւնը հանդէս եկաւ պատերազմի մեջ գտնուող երկրին աջակցութիւն յայտնելու պահանջներով: 

«Այնուամենայնիւ, Յունաստանի հասարակութիւնը այժմ վրդոված է, որ դեսպան Փիփերիկոսը միացած է ատրպէյճանական ռեժիմի կողմէ կազմակերպուած քարոզչական շրջագայութեան, յատկապէս որ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպանները հրաժարած են անոնց միանալէ»,- գրած է Անթոնոպուլոսը:

Ան նշած է, որ չնայած Ատրպէյճանը չի ճանչնար Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն» անուամբ ապօրինի միաւորը, բայց անոր Նախիջեւանի ինքնավար շրջանը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 541 բանաձեւը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 550 բանաձեւը:

«Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ որոշումներ կայացնողներն առայժմ պաշտօնապէս չեն ճանչցած այսպէս կոչուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը»՝ վախնալով, որ Յունաստանը եւ Կիպրոսը կրնան պատասխան հարուածներ հասցնել՝  ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղը որպէս անկախ հանրապետութիւն: Այստեղ հարց կ'առաջանայ, թէ ինչու դեսպան Փիփերիկոսը միացած է քարոզչական շրջագայութեան Լեռնային Ղարաբաղի գրաւեալ տարածքներ, յատկապէս, երբ ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի գործընկերները հրաժարած են այդ քայլէն»,- գրած է Անթոնոպուլոսը:

Նշուած է, որ դեսպան Փիփերիկոսը չէ պատասխանած այս առնչութեամբ ընկերային ցանցերու օգտատէրերու կողմէ տրուած հարցերուն: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ պատասխանած հրապարակման պահուն պարբերականի ուղարկած հարցերուն: