«Մեր տպաւորութեամբ Թուրքիան կը կիսէ Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը». ՀՀ ԱԳՆ

2022-01-14
Image

Հայաստանը կ'ակնկալէ, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան գործընթացի արդիւնքով դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ կը բացուի երկու երկիրներու միջեւ սահմանը: Այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին գործերի նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:

Յունանեան ընդգծեց նաեւ, որ հայկական կողմի տպաւորութեամբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյնպէս կը կիսէ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը։

Ըստ Յունանեանի, այդ երկխօսութենէն Հայաստանի ակնկալիքները նոյնն են, ինչ եղած են 1990-ականներու սկզիբներէն ի վեր։ «Մենք ակնկալում ենք, որ գործընթացի արդիւնքում Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուեն եւ երկու երկրների միջեւ սահմանը, որը Թուրքիայի կողմից միակողմանիօրէն փակուել էր 90-ականների սկզբին, կը բացուի»։

Յունանեան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուսական կողմին հիւրընկալութեամբ։ «Ըստ էութեան, այս առաջին հանդիպումը կրելու է ճանաչողական բնոյթ։ Դժուար է ակնկալել, որ մէկ հանդիպման արդիւնքում հնարաւոր կը լինի ունենալ շօշափելի արդիւնքներ, սակայն դրանով կը տրուի գործընթացի մեկնարկը»։