«Մտահոգ եմ Ղարաբաղի խնդրով» Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշած է Հայաստան այցելութիւնը

2021-06-25
Image

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է աշխարհի մէջ` այդ շարքին Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Կովկասի մէջ չդադրող սուր հակամարտութիւններու կապակցութեամբ, կը հաղորդէ Vaticannews.va-ը: 

Հինգշաբթի Վատիկանի մէջ դիմելով ROACO կրօնական կազմակերպութեան անդամներուն, որ կը զբաղի Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներուն օգնութիւն տրամադրելով, Սրբազան քահանայապետը  յիշած է հինգ տարիներ առաջ, 2016-ին, Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս` Գարեգին Բ-ի հետ միասին Խոր Վիրապի տարածքէն երկինք արձակած աղաւնիները, «որպէս նշան եւ մաղթանք համայն կովկասի տարածաշրջանի խաղաղութեան համար» :

«Դժբախտաբար, այդ տարածաշրջանը վերջին ամիսներուն անգամ մը եւս վիրաւորուեցաւ» ու ասոր համար շնորհակալութիւն յայտնեց «այն ուշադրութեան զոր յատկացուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի իրականութեան, որպէսզի կաթողիկէ հասարակութիւնը շարունակէ ըլլալ աւետարանական կեանքին նշանն ու թթխմորը»,-ամփոփած է Ֆրանչիսկոսը:

Հռոմի պապը նաեւ կոչ ըրած է ականջալուր ըլլալու «աշխարհի շատ կողմերէ լսուող ճիչերուն, յատկապէս այն եկեղեցիներու եւ երկիրներու կողմէ, որոնց համար դուք կ'աշխատիք»։