«Պատրաստ ենք խորհրդակցութիւններու Պաքու-Թիֆլիս-Երեւան ձեւաչափով»

2022-10-25
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր ըսած է, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է եռակողմ խորհրդակցութիւններ կայացնելու Պաքու-Թիֆլիս-Երեւան ձեւաչափով: Այս մասին ան յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ հանդիպման:

«Այսօր միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է (Վրաստանի վարչապետի հետ)՝ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ։ Եթէ Հայաստանը համաձայնի, ուրեմն մենք նոյնպէս պատրաստ ենք ատոր»,- ըսած է Իլհամ Ալիեւ:

Ան նշած է, որ «եթէ փաստաթուղթը ստորագրուի, ապա տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ համագործակցութեան տարածք կը յայտնուի»։

«Մենք հայկական կողմին արդէն ծանօթացուցած ենք հակամարտութեան կարգաւորման հինգ հիմնական սկզբունքին, յոյսով ենք, որ Հայաստանը կը սկսի բանակցութիւնները եւ կը ստորագրէ խաղաղութեան համաձայնագիրը»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը: