«36 հազար հայեր՝ ներքին տեղահանուած»․ Amnesty International-ի տարեկան զեկոյցը

Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդիրին անդրադարձ եղած է Amnesty International-ի տարեկան զեկոյցին մէջ։ Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ յղելով 2021-ի Սեպտեմբերին հրապարակուած Եւրոխորհուրդի զեկոյցին, նշած է, որ տասնեակ գերիներ կը շարունակեն մնալ անմարդկային պայմաններու մէջ եւ կ՝ենթարկուին արագացուած, անարդար դատավարութիւններու։
Amnesty International-ը զեկոյցով քննադատած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ մինչ օրս տասնեակ հայ գերիներ Պաքուի մէջ պահելու համար։
Թէ քանի գերիի մասին է խօսքը՝ զեկոյցը չէ յստակեցուցած՝ նշելով միայն, որ նախորդ տարեվերջի դրութեամբ Ատրպէյճանի մէջ կը պահուէին աւելի քան 60 հայ գերիներ․
Դեռ 2021-ի Սեպտեմբերին Եւրոխորհուրդը իր զեկոյցով մտահոգութիւն յայտնած էր «տասնեակ հայ գերիներու՝ անմարդկային պայմաններու մէջ գտնուելուն եւ արագացուած, անարդար դատավարութիւններու ենթարկուելուն» փաստերու կապակցութեամբ։
Մէջբերելով Եւրոպայի խորհուրդի նախագահին խօսքերը, թէ գերիները վերադարձնելու դիմաց Երեւանը Պաքուին փոխանցած է ականապատ դաշտերու քարտէզներ, որոնց ճշգրտութիւնը Ատրպէյճանը կը վիճարկէ՝ զեկոյցը կը պնդէ, թէ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ «հայկական կողմի տեղադրած ականներուն պատճառով» զոհուած կամ վիրաւորուած է աւելի քան հարիւր մարդ։
Տեղահանուած արցախցիներուն խնդիրները
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը արձանագրած է, որ պատերազմէն ետք փախստականներուն մեծ մասը վերադարձած է Ստեփանակերտ եւ ԼՂ-ի՝ հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ մնացած այլ տարածքներ, բայց այդ մարդիկ կը շարունակեն բախիլ կրթական, առողջապահական եւ կենցաղային տարբեր խնդիրներու։
«Շուրջ 36 հազար հայ կը շարունակէ ըլլալ ներքին տեղահանուած։ Անոնցմէ 24 հազարը՝ երկարաժամկէտ, քանի որ իր տունը ձգած է այն տարածքներուն մէջ, որոնք այժմ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ։