ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով մեկնած է Մոսկուա

2022-09-05
Image

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն այսօր աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Մոսկուա, յայտնած են նախարարութեան մամուլի ծառեայութենէն:

Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի իր գործընկեր, Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ հայ֊ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։

Նշենք, որ 1 սպտեմբերին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հեռախօսազրոյցը։

Կողմերը հանգամանալից քննարկած էին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքն ու հեռանկարները։