Ալիեւը հետաքրքրուած է, թէ Հայաստան ուրկէ ստացած Է «Իսքանտեր-Մ» հրթիռները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հետաքրքրուած է, թէ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռները ինչպէս յայտնուած են Հայաստանի մօտ:
Պաքուն կը պնդէ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին «Իսքանտերներ» օգտագործուած են Շուշիի ուղղութեամբ: Թէեւ աւելի վաղ Ալիեւը պնդած էր, որ «Իսքանտերներ» չեն կիրառուած:
«Ահա ապացոյցը: Ուրկէ՞ Հայաստանին այդ հրթիռները: Անոնք պէտք չէ այդ հրթիռները ունենային: Մենք կ՛ուզենք պատասխան ստանալ այն հարցումին, թէ այս մահաբեր զէնքը ինչպէս յայտնուած է Հայաստանի ձեռքը: Մենք տակաւին այս հարցումին պատասխանը չենք ստացած, սակայն պիտի ստանանք», ըսած է Ալիեւը Պաքուի մէջ պատերազմական աւարի պուրակի բացման ընթացքին, ուր ցուցադրուած են, ատրպէյճանական կողմի պնդումով, Շուշի քաղաքին մէջ յայտնաբերուած «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու բեկորները: