Ալիեւի աշխատակազմը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները հրաւիրած է Պաքու

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները հրաւիրած է Պաքու՝ հանդիպման:
Յիշեցնենք, որ մարտ մէկին հաղորդուած էր Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպման մասին՝ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ:
Ինչպէս գրած է «ԱՊԱ» գործակալութիւնը, այժմ Ատրպէյճանը կ'առաջարկէ յառաջիկայ օրերուն երկրորդ հանդիպումը կայացնել Պաքուի մէջ՝ քննարկելով այսպէս կոչուած «վերահամարկման», Արցախի մէջ «ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացման» հարցերը:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահի՝ անվտանգութեան հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած էր, որ Պաքուն անընդունելի համարած է Հայաստանի իշխանութիւններու՝ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ Արցախի վերաբերեալ կէտ ներառելու փորձերը:
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահը բազմիցս նշած է, որ «Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ հարցերը պէտք է առանձին լուծուին եւ կապուած չըլլան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերաբերող հարցերուն»։
«Հայաստան ի սկզբանէ փորձած է ղարաբաղեան հարցը ներառել խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ, սակայն այդ մօտեցումն անընդունելի է Ատրպէյճանի համար։ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը զուտ Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է, եւ Պաքուն չի պատրաստուիր ինքնիշխանութեան վերաբերեալ հարցերը քննարկել որեւէ այլ կողմի հետ», - յայտարարած է Հաճիեւ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը «պիտի որոշուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան»։