Ալիեւ գրաւեալ Շուշին Մշակութային Մայրաքաղաք յայտարարեց

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ օրէնք հաստատած է, որով գրաւեալ հայկական Շուշի քաղաքը կը յայտարարէ Ատրպէյճանի մշակութային մայրաքաղաք:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ օրէնքին համաձայն, քաղաքի վարչական տարածքէն ներս պետական արգելոց պիտի ստեղծուի: Փաստաթուղթը սահմանած է նաեւ քաղաքի զարգացման պետական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Ատրպէյճանի նախարարներու գրասենեակին յանձնարարուած է որոշել եւ հաստատել Շուշիի պետական արգելոցի անվտանգութեան գօտիի սահմանները, որոշել անվտանգութեան գօտիի անվտանգութեան ռեժիմը եւ երեք ամսուայ ընթացքին հաստատել քաղաքի յուշարձաններու մշտադիտարկման կարգը: Նախարարներու գրասենեակը երեք ամուայ ընթացքին պէտք է նաեւ հաստատէ ձեռնարկատիրական գործունէութեան արգիլուած տեսակներու ցանկը, ինչպէս նաեւ նախապատրաստէ առաջարկներ եւ ներկայացնէ պետութեան ղեկավարին արգելոցի ֆինանսաւորման աղբիւրներու վերաբերեալ: