Ալիեւ յոյսով է, որ 2023 թուականը «բեկումնային» կ'ըլլայ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի համար

Յոյսով եմ, որ 2023 թուականը բեկումնային տարի կ'ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործով:
Յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ հանդիպման․
«Հարկ է նշել Ռուսիոյ յատուկ դերը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու գործին մէջ: Անցեալ տարի այս ուղղութեամբ կարեւոր ջանքեր գործադրուած են, ընդունուած են ապագայ խաղաղութեան համաձայնագրի հայեցակարգային բնոյթը, այն է՝ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումը սահմանող փաստաթուղթեր։
Այդ հաստատեցին անցեալ տարուան հոկտեմբերին Փրակայի եւ Սոչիի մէջ ընդունուած փաստաթուղթերը։ Այս փաստաթուղթերն այն հիմքն են, որով կարելի է հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի։ Ամէն պարագային, մենք վճռական ենք դրական եւ կառուցողական աշխատանք տանելու հայկական կողմի եւ մեր բարեկամ ու հարեւան Ռուսիոյ հետ, արագօրէն շրջելու այս թշնամութեան էջը եւ խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասին վերադարձնելու համար։»,- նշած է Ալիեւ։