Ալիեւ Փաշինեանի հետ հանդիպման առաջարկած է հսկիչ անցագրային կէտեր տեղադրել Լաչինի եւ Հայաստանի միջեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումէն յետոյ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ հայկական կողմին պաշտօնապէս առաջարկած է հսկիչ անցագրային կէտեր տեղադրել Լաչինի եւ Հայաստանի միջեւ։
Ան յայտնած է, որ Հայաստանը դեռ չէ արձագանգած իր առաջարկին:
Եռակողմ հանդիպումը Ալիեւ «արդիւնաւէտ» որակած է ։
«Շատ հարցեր քննարկուած են, անոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցը, փաստաթուղթի ստորագրման պայմանները։ Ի հարկէ, ես վերահաստատեցի իմ դիրքորոշումը։ Գլխաւորն այն է, որ խաղաղութեան այդ պայմանագիրը պէտք է կնքուի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ նորմերու հիման վրայ»,- ըսած է ան: