Ամբողջական աջակցութիւն Փաշինեանին եւ խաղաղ, կայուն եւ անվտանգ Հարաւային Կովկաս ունենալու ջանքերուն. Միշելը՝ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցի մասին

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է երկուշաբթի օր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան:
Ան նշած է. «Խօսեցայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որպէսզի շարունակեմ Պրիւքսելի մէջ մեր վերջին քննարկումները: Ամբողջական աջակցութիւն անոր եւ խաղաղ, կայուն եւ անվտանգ Հարաւային Կովկաս ունենալուն աջակցելուն ուղղուած բոլոր ջանքերուն»:
Երկուշաբթի, 18 ապրիլին տեղի ունեցած էր Միշելի հետ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Անոնք միտքեր փոխանակած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի 6 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքի, շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերու մասին:
Փաշինեան եւ Միշել քննարկած են նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանին 2,6 միլիառ եւրօ յատկացնելու համաձայնութեան կատարման ընթացքը, ընդգծած են ներդրումային թղթածրարով նախատեսուած ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործման կարեւորութիւնը:
Շարլ Միշել վերահաստատած է Հայաստանի համար նախատեսուած ներդրումային ծրագիրը լիարժէք կերպով կատարելու Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը եւ ընդգծած ծրագիրներու գործնական իրագործման փուլը կարելի եղածին չափ արագ սկսելու կարեւորութիւնը: