Ամերիկայի մէջ կը հպարտանանք, որ շրջապատուած ենք հայրենասէր հայերով, անոնք մեր ուժն են, կարեւոր մասնիկը. Փելոսի

2022-09-20
Image

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան 18 սեպտեմբերին ընդունած է պաշտոնական այցով Հայաստան ժամանած ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիսաւոր ընդունելութեան յաջորդած է Սիմոնեան-Փելոսի առանձնազրոյցը: Զրուցակիցներն այնուհետեւ միացած են ընդլայնուած կազմով քննարկման:

1

Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ ունեցած ասուլիսի ընթացքին Փելոսին տեղեկացուց, որ Գոնկրէսէն ներս կը նախապատրաստուի Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող նախագիծ, որուն համահեղինակը գոնկրէսական Ատամ Շիֆն է: Ան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման բանաձեւի համահեղինակներէն է:

Խօսելով Հայաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպման մասին Փելոսի յստակ դատապարտեց Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումը:

«Մեր հանդիպումը իսկապէս կարեւոր էր, քանի որ կենդրոնացանք Հայաստանի տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի եւ մահացու յարձակման վրայ, որ մենք խստօրէն Գոնկրէսի անունով կը դատապարտենք, այդ յարձակումը կը  խոչընդոտէ այդքան անհրաժեշտ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարին: ԱՄՆ` որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, յստակ եւ սկիզբէն յայտարարած է, որ ռազմական լուծում համակարտութիւնը չի կրնար ունենալ: Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն, կը շարունակենք աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային, խաղաղ եւ տեւական լուծման», – ըսաւ ան:

7

Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակը երախտագիտութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն Սեպտեմբեր 14-ին Ուաշինկթոնի միջնորդութեամբ ձեռք ձգուած «փխրուն զինադադարի համաձայնութեան համար»: Ալեն Սիմոնեան յստակ խօսեցաւ նաեւ Ուաշինկթոնէն Երեւանի ակնկալիքներու մասին, ընդգծեց Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցնէր կիրառելու անհրաժեշտութիւնը:

«ԱՄՆ ցանկացած օժանդակութիւն կենսական նշանակութիւն ունի մեր պետականութեան համար: Կարծում ենք, որ յստակ պատժամիջոցները կարող են դառնալ եւս մէկ լծակ` կանգնեցնելու Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները եւ աւտորիտար պատերազմը ժողովրդավարութեան դէմ», – ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահը:

«Երբ մենք որեւէ երկիր կ՛երթանք, մեզի համար ապահովութիւնը կարեւոր է: Չէինք գիտեր, որ մեր այցելութիւնը պիտի համընկնի զինուորական գործողութիւններուն յաջորդող օրերուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հպարտանանք, որ շրջապատուած ենք հայրենասէր հայերով, որոնք նաեւ մեր քաղաքացիներն են: Անոնք մեր ուժն են, մեր ամբողջութեան կարեւոր բաղադրիչը», ըսաւ Փելոսի: