ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունց եւ քոնկրէսական Քիմ քննարկած են ԼՂ-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունց հեռավար հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, հանրապետական քոնկրէսական Եանկ Քիմի հետ։
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դեսպան Մակունց եւ քոնկրէսական Քիմ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը։ Դեսպանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ եւ ապակառուցողական յայտարարութիւնները կը խաթարեն տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնմանն ուղղուած ջանքերը։
Դեսպանը կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի շրջագիծէն ներս։ Դեսպան Մակունցն ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու անվերապահ հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը։