ԱՄՆ Կլէնտէյլ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

2020-10-28
Image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կլէնտէյլ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Քաղաքային խորհուրդը անկախութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունեց միաձայն հեռավար կարգով իրականացուող նիստին ընթացքին:

Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւը հեղինակած էր Կլէնտէյլի քաղաքապետ Վրէժ Աղաճանեանը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը, որ յայտնի է նաեւ, իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղ, պատմականօրէն հայկական տարածք է, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը մշտապէս եղած են հայեր:

«Արցախի Հանրապետութիւնը ազատ, ինքնիշխան պետութիւն է՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ: 27 Սեպտեմբեր 2020-էն մինչ այժմ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ հայերու դպրոցները, հիւանդանոցները, եկեղեցիները եւ տուները յարձակման կ՝ենթարկուին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, որոնք նպատակ ունին շարունակելու ցեղասպանութիւնը»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ: