ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը խիստ մտահոգուած է հայ ռազմագերիներու ճակատագրով

2022-01-20
Image

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրեկորի Միքսի, Պրետ Շերմանի եւ հանրապետական Քրիս Սմիթի հետ:

Կրեկորի Միքս նշած է, որ իրենք 2018-ն ի վեր առանձնակի ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներուն: Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է մշտապէս աջակցելու այդ բարեփոխումներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն առնչուող հարցեր: Ամերիկեան կողմը տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիներու պալատը եւ մասնաւորապէս իրենց յանձնաժողովը խիստ մտահոգուած է ռազմագերիներու ճակատագրով եւ կը կարծէ, որ անոնք պէտք է անյապաղ հայրենիք վերադարձուին: Միքս շեշտած է, որ չափազանց կարեւոր է ապահովել Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը եւ այդ առումով անհրաժեշտ է հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման եւ խնդիրի տեւական կարգաւորման: Միացեալ Նահանգները մեծապէս կը նպաստէ անոր՝ այդ շարքին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով:

ԱԺ նախագահը հրաւիրած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահն ու անդամները այցելելու Հայաստան՝  ծանօթանալու առկայ խնդիրներուն եւ ժողովրդավարական ձեռքբերումներուն: